Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ մինչ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներ կ՛այցելէր, Քոնկրեսի հանրապետական եւ դեմոկրատ անդամներ «Հայկական Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնն ու արդարութիւն» բանաձեւը ներկայացուցին:
Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ ամերիկեան իշխանութեանց կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ հիմնուելով՝ բարելաւէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, երաշխաւորելով Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան իրականութեան ամբողջական ճանաչումն ու վնասուց հատուցումը:
«Կ՛ողջունենք սոյն բանաձեւին ներկայացումը Քոնկրես: Սոյն նորարար նախաձեռնութիւնը, որ հիմնուած է ամերիկեան նախկին իշխանութեանց կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշումներուն վրայ եւ կոչ կ՛ընէ նոր մօտեցում որդեգրելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացին համար, ինչ որ արտացոլացումը պիտի ըլլայ ամերիկեան արժէքներուն, ու նաեւ կը գիտակցի, թէ ամերիկեան ազգային շահերը կը պահանջեն, որ վերջ դրուի Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան: Այս բոլորին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ արդարութեան, ճշմարտութեան ամբողջական լուծում մը գտնել Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գոր- ծադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Բանաձեւը Ներկայացուցին Մ. Կրիմի, Ա. Շիֆ, Տ. Վալտանոյ եւ Ֆ. Փալոն: