Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Դոկտ. Արտա Ճէպէճեանը իր առաջին բանախօսական ելոյթովը, Չորեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2013-ին ԱՄՄ-ի մեծ սրահին մէջ կարողացաւ սիրել Յորդանանի շատ եւ շատ մտաւորական տարրին, եւ անշուշտ սիրուիլ իր մատուցած մեծապէս շահեկան նիւթով, որն էր «Հայերէն լեզուի պահպանման մարտահրաւէրները Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին», ողջ հայութեան մտահոգող լուրջ հարցը:

Դոկտ. Արտան իր բանախօսութեամբ թողեց այն հեղինակաւոր տպաւորութիւնը, որ հայերէն լեզուն, իր Մեսրոպեան տառերով պիտի պահուի եւ պիտի հանդիսանայ մեր հայապահպանման, մեր ունեցած անկախ պետականութեան եւ մեր գերզարգացման առաջնորդն ու ուղեցոյցը:

Ան քննարկեց շատ եւ շատ տարբերակներ, շատ եւ շատ միջոցներ եւ հետապնդման մեթոտներ, որ հայերէն լեզուի պահպանումը հանդիսանայ մեր ազգի գոյատեւման գրաւականը:

Փրոֆ. Արտայի բանախօսութիւնը կը կռէր մանկավարժական եւ ինժիներական դասաւորութիւններն ու պահանջքները  բաւարարող բոլոր ձեւերը:

Արտայի նիւթը կը հանդիսանար հետաքրքիր, շահեկան, գրաւիչ եւ ներկաներուն շատ հրապուրիչ: Ներկաները հրապուրող եւ բոլոր միտքերը կլանելու եւ ըմբռնելու ցանկութիւնն ու տենչը անխզելիօրէն կապ պահեցին հանդիսականներու եւ բանախօսին միջեւ:

Ազնիւ բանախօսուհին բացայայտեց անցեալին եւ ներկայիս լեզուապահպանման տարբերութիւնները, եւ տուաւ իր խորհուրդներն ու մեթոտները հայերէն լեզուի պահպանման մարտահրաւէրներու մասին, մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին:

Այս յոյժ կարեւոր ձեռնարկին կը նախագահէր Յորդանանահայ գաղութի հոգեւոր առաջնորդ Գերշ. Տ. Վահան արք. Թօփալեանը:

Երեկոյի բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԱՄՄ-ի Մշակութային Յանձնախումբի կարկառուն ան- դամ ընկ.հի Մարալ Վարդանեանը: Մարալը ողջունեց ազնիւ բանախօսին իր ցոյց տուած անգնահատելի ներդրումին համար, տուաւ հակիրճ կենսագրականը եւ բացայայտեց Արտայի ունեցած եզակի յաջողութիւնները իր աշխատանքային ասպարէզներէն ներս:

Բանախօսութեան աւարտին փակման խօսքով հանդէս եկաւ Ամմանի ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ներսէս Ներսէսեանը: Ն. Ներսէսեանը բնութագրեց սոյն բանախօսութիւնը որպէս «Ազգային զմայլանք» հանդիսացող մի նիւթ եւ բանախօս:

Ն. Ներսէսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Ճէպէճեաններուն իրենց տուած այն խոստումին համար, որ շուտով, կրկին անգամ պիտի այցելեն Ամման - Յորդանան, եւ աշխատանքային սեղաններով պիտի նպաստեն գաղութիս խրախուսիչ տարր հանդիսացող, եւ շօշափելի թիւով հայերէն լեզուի ծարաւ զգացող երիտասարդ - երիտասարդուհիներուն, որոնք իրենց հարցադ- րումներով բարձր տպաւորութիւն թողեցին սիրելի բանախօսին վրայ:

Մարալ Ներսէսեան
Ամման