Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Լոնտոնի մէջ, Ապրիլ 23ին տեղի ունեցած է նշանաւոր «Տիփլոմաթ» ամսագիրի «Տարուան դիւանագէտը» տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը:

Արարողութեան մասնակցած են Մեծն-Բրիտանիոյ մէջ հաւատարմագրուած աւելի քան 150 երկիրներու դեսպաններ ու դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ու գործարար համայնքի ներկայացուցիչներ։
«Տարուան դիւանագէտ-2013» մրցանակի 10 անուանակարգերէն Եւրասիոյ տարածաշրջանին համար նախատեսուածը, իր պաշտօնակիցներուն միաձայն քուէարկութեամբ, յետմահու շնորհուած է Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Կարինէ Ղազինեանին՝ բացառիկ ձեռքբերումներուն եւ իր երկրի շահերը արդիւնաւէտ կերպով ներկայացնելուն համար: Մրցանակը ստանձնած է Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի առժամեայ հաւատարմատար Արա Մարգարեան: