Շաբաթ Մայիս 11-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին Հայ Աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Լուսանկարչական ցուցահանդէսի, որ կը ներկայացնէր անհատական գործեր՝ Վեր. Վիգէն Չոլագեանի, Մինաս Աւագեանի եւ այլ սիրողական լուսանկարողներու։
Ըստ տնօրէն՝ Զաւէն Մ. Մսըրլեանի փոխանցած տեղեկութիւններուն, Հայ Աւետարանական Գոլէճը, հիմնուած 1923-ին, կը տօնէ իր 90 ամեակը 2013-ին։ 1927-էն 2012 Հայ Աւետ. Գոլէճը տուած է 1542 շրջանաւարտներ, որոնցմէ շատեր բարձր իրագործումներ արձանագրած են կեանքի տարբեր ասպարէզներու մէջ։
Հայ Աւետ. Գոլէճը գոհունակութեամբ կը ներկայացնէ դպրոցի 90 ամեակին առթիւ իր շրջանաւարտներէն Վեր. Վիգէն Չոլագեանի (հովիւ Աթէնքի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին) եւ պրն. Մինաս Աւագեանի (տնօրէն Տուպայի HRMS Solutions, DUTECH ընկերութեան) լուսանկարչական գործերէն, ինչպէս նաեւ իր շրջանաւարտներէն սիրողական լուսանկարողներու՝ պրն. Ներսէս Պաղտոյեանի, պրն. Լուտէր Վահան Արթինեանի, օրդ. Կարին Հայտօսթեանի եւ օրդ. Արին Պաղտոյեանի գործերը։