Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հռոմի Ֆրանկիսկոս պապը Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ժամանակ հռչակած է իր քահանայապետութեան շրջանի առաջին սրբադասուածները, որոնց մէջ են 1480ին օսմանցի զինւորներու վայրագութիւններուն զոհ գացած 800 իտալացիներ։

Իտալիոյ հարաւային Օթրանթօ գիւղաքաղաքին մէջ, ուր ներխուժած էին 20 հազար թուրք զինուորներ, այս 800 իտալացիները գլխատուած էին իսլամացումը մերժելու հետեւանքով։ Այսօր, «Օթրանթոյի նահատակներ»էն ծանօթ է միայն մէկուն՝ Անթոնիօ Փրիմալտոյի անունը։