Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔ 

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն ստացաւ դպրեվանքի նոր տարեշրջանի սաներու ընդունման մասին հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-

 84-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ՆՈՐ ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 2013-2014 կրթական տարեշրջանի նոր սաներու արձանագրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 13-27 Մայիս 2013-ին։

Դպրեվանք կ'ընդունուին նախակրթարանի 6-րդ դասարանը աւարտած աշակերտներ, նաեւ՝ աւելի բարձր դասարաններէն եւ համալսարաններէն դիմում կատարող թեկնածուներ։

Անոնք որոնք կը փափաքին Դպրեվանք մտնել, թող բարեհաճին առաւօտեան ժամը 9։00-12։00-ի միջոցին հանդիպիլ Պիքֆայայի Դպրեվանք՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Աբղ. Շխրտմեանին եւ կամ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս յատուկ ժամադրութեամբ ներկայանալ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեանին, հեռաձայնելով 76-382816 թիւին։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կապ պահել Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին հետ, հեռաձայնելով 03-486943 եւ 04-980060 թիւերուն։ 

Դպրեվանքի 2013-2014 կրթական տարեշրջանը պիտի սկսի Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2013-ին։