ՓԱՐԻԶ - ԹՐԻՓՈԼԻ
Ֆրանսայի մայրաքաղաքէն ներս այսօր Հինգշաբթի կը կայանայ Լիպիոյ հարցերու լուծման եւ երկրի ապագայ զարգացման խումբի նիստը:
Մինչ այդ, Լիպիոյ մէջ Քատաֆիի որդին՝ Սայիֆ ալ Իսլամ, յայտարարեց թէ Թրիփոլիի արուարձաններէն ներս կը գտնուի եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդին՝ դէմ կանգնելու ըմբոստ ուժերուն: Ան աւելցուց թէ իր հօր առողջական վիճակը լաւ է:
ՓԱՐԻԶ
Հետզհետէ կաւելնան հակառակող ձայները ֆրանսական ընկերվարական կուսակցութեան շարքերէն ներս, Տոմինիք Սթրոս-Քանի քաղաքական դաշտ վերադարձին կապակցութեամբ: Սթրոս-Քան յայտարարած է, թէ Կիրակի առաւօտուն Փարիզ պիտի վերադառնայ, նկատի առնելով որ ԱՄՆի մէջ իր դէմ եղած ամբաստանութիւնները այլեւս ի զօրու չեն: Ան քաղաքական կեանքէն ներս վերաշխուժանալու մտադրութիւն ցուցաբերած է :
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ
Ամերիկեան տնտեսութեան բարելաւման վերաբերող ծրագիրներու նոր շարքի մը մասին յայտարարութիւններով հանդէս պիտի գայ նախագահ Պարաք Օպամա, Քոնկրէսի խումբերու միացեալ խորհրդաժողովի մը ընթացքին, որ Սեպտեմբեր 7ին պիտի կայանայ: