Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երէկ, 1 Մայիսին, պատմական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ երբ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելսի խորհրդարանը ընդառաջելով Աւստրալիոյ ասորական, յունական եւ հայկական ազգային կոմիտէներու պահանջքին, իր լիագումար նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ ընդունեց ասորիներու, յոյներու եւ հայերու ցեղասպանութիւնները: Լուրը հաղորդեց «Assyrian International» լրատուական գործակալութիւնը:

«Ասորի ժողովուրդին համար պատմական աննախադէպ պահ է այս: Ասորիները տարիներ շարունակ կը պայքարին, որպէսզի Օսմանեան կառավարութեան ղեկավարութեան, երիտթուրքերու կողմէ 1914-1923 թուականներուն իրագործուած ցեղասպանութիւնը միջազգային ճանաչում ստանայ:

Իրաքի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող ասորիները անընդհատ վճարած են ցեղասպանութիւնը մերժելու գինը»,- նշած է ասորական համընդհանուր դաշինքի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Հերմեզ Շահենը:

Յիշեցնենք, որ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի խորհրդարանը 1997ի Ապրիլ 17-ին ընդունած էր բանաձեւ, ուր կը դատապարտէր Օսմանեան կայսրութեան տարածքէն ներս կատարուած ոտնձգութիւնները՝ անոնք 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն բնորոշելով եւ Ապրիլ 24-ը յայտարարած է հայ զոհերու յիշատակի օր:

 

 

Նշենք, որ Աւստրալիոյ           կրթարաններէն ներս, 2014 թուականէն սկսեալ՝ պիտի սկսի իրագործուիլ պատմութեան դաս՝ 10-րդ դասարանի աշակերտներուն համար, ուր հրէական Հոլոքոստի կողքին պիտի ուսուցուի նաեւ Օսմանեան կայսրութենէն ներս հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ ընդհանրապէս ոչ մահմետական ազգերու դէմ գործուած ցեղասպանութիւններու մասին: