Ինչպէս անցեալին հաղորդած էինք, ամերիկահայ անհատներու կողմէ դատական դիմում ներկայացուած էր Քալիֆորնիոյ դատարանին, Թուրքիոյ կառավարութեան եւ «Կեդրոնական» (Մերքեզ) ու «Գիւղատնտեսական» (Զիրաաթ) դրամատուներուն դէմ:
Դատական դիմումներով կը պահանջուէր դրամական փոխ հատուցում՝ Ատանայէն ոչ հեռու գտնուող Ինջիրլիքի շրջանէն ներս տեղակայուած ամերիկեան ռազմային խարիսխի տարածքը օգտագործած ըլլալու գործով: «Ակունք» կը հաղորդէ թէ Ալեքս Բակալեանը, Անահիտ Յարութիւնեանը եւ Ռիթա Մահտեսեանը թրքական կողմէն կը պահանջէին 100 միլիոն տոլար փոխ հատուցում: Ծանօթ է թէ ամերիկեան պատկանելիութեան տարածուն այս վայրը մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թուական պատկանած էր Տիգրան անունով հայ անհատի: Հողատարածքը Ցեղասպանութեան տարիներուն անօրինական ձեւով անցաւ Թուրքիոյ ձեռք, որ հետագային վարձքի փոխարէն տրամադրեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն: Քալիֆորնիոյ դատանը, որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին կը քննարկէր տուեալ դիմումները, մերժած է բաւարարել այն՝ հիմնաւորելով թէ «այն քաղաքական է եւ չի մտներ դատարանի իրաւասութիւններուն մէջ»: