Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երկու Պայթումներ՝ Պոսթընի Մարաթոնին Ընթացքին.
8 Զոհ Եւ Տասնեակ Մը Վիրաւորներ

Սեպտեմբեր 11, 2000 թուականի ահաբեկչական յարձակումները յիշեցնող իրադարձութեամբ մը, երէկ Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքի մարաթոնին ընթացքին, մարաթոնի եզրագիծին մօտ քանի մը երկվայրկեաններու տարբերութեամբ տեղի ունեցան երկու ահաբեկչական պայթումներ:

Հազարաւոր հանդիսատեսներու եւ մարզիկներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած մարաթոնին ընթացքին պատահած պայթումները խլեցին 8 զոհ եւ պատճառեցին տասնեակ մը վիրաւորներ: Երէկ կէս գիշերին «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զոհերուն թիւը երկու է, իսկ վիրաւորներունը՝ 100-է աւելի:

Պոսթընի ոստիկանութիւնը ձերբակալեց վիրաւոր սէուտցի մը, որ կը կարծուի ահաբեկչական յարձակման կասկածելիներէն մէկը ըլլալ: Ան փոխադրուեցաւ հիւանդանոց եւ ապահովական խիստ հսկողութեան տակ առնուեցաւ:

Պոսթընի պայթումը պատճառ դարձաւ, որ Նիւ Եորքի մէջ ապահովական միջոցառումները աւելի խստանան: Նախագահ Պարաք Օպամա հրահանգեց պայթումներուն հետ կապուած համապատասխան միջոցառումներ որդեգրելու: