Լիբանանի նոր վարչապետ նշանակուած է սիւննի մահմետական Թամամ Սալամ: Ան ձեռնարկած է կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն:
«Հայկական համայնքը դրական կը գնահատէ Թամամ Սալամի նշանակումը» ըսած է Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ նորանշանակ վարչապետը կը բնութագրէ որպէս ոչ ծայրայեղական եւ բոլորին կողմէ ընդունուած քաղաքական դէմք: Գանտահարեան անոր անձին ընդմէջէն՝ քաղաքական տարբեր հոսանքներու միջեւ համաձայնութեան գոյացման կարելիութիւն կը նշմարէ: Կ'ըսուի, թէ նոր վարչապետը քաջածանօթ է Լիբանանի հայ համայնքին, քանի որ յաճախած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարան: