ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ՄԱՐՏ 25Ի ՏՈՂԱՆՑՔԸ
Յունաստանի Մարտ 25ի ազգային տօնին առիթով, Նիկոսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ 2000 սկաուտներու շքեղ տողանցք, որը գլխաւորեց 85-ամեայ Աւագ Արիապետ եղբ. Յարութիւն Անմահունի, արժանանալով հարթակի վրայ գտնուող պատուոյ հիւրերու ջերմ ծափահարութիւններուն:
------------------------------------
«Արձագանգ»ի նոր թիւի խմբագրականին մէջ կը կարդանք Արթօ Դաւիթեանի հետեւեալ գրութիւնը.-
ՎՀԱՏԵԼՈՒ ՉԷ՛
Վերջին շաբաթներուն կիպրահայութիւնը, ինչպէս Կիպրոսի ամբողջ բնակչութիւնը, ինքզինք գտաւ քայքայուող տնտեսութեան մը ճիրաններուն մէջ, ներկայ ու ապագայ ամէն տեսակ դժուարութիւններու դէմ յանդիման:
Դրամատուներու երաշխաւորած նուազագոյն գումարներէն անդին, կորսուեցան կամ «խուզուեցան» բոլոր աւանդներն ու խնայողութիւնները, որոնք բարդուելով ամսականներու եւ թոշակներու նուազումին, անգործութեան եւ անորոշութեան խոչընդոտներուն, մեզի կը պարտադրեն կենցաղային պայմաններու կտրուկ փոփոխութիւն՝ աւելի պարզ եւ ժուժկալ ապրելակերպի, որուն վարժ էին մեր ծնողներն ու անոնց հայրերն ու մայրերը անցեալին:
Այո՛, դժուար է առատութեան մէջ դիւրութիւններով մեծցած մեր նոր սերունդը առաջնորդել դժուար ապրելակերպի նեղ առահետներէն, բայց պարտաւոր ենք օրինակ առնել մեր նախորդ սերունդներէն, որոնք այս երկիրը ոտք կոխեցին ոչ թէ «խուզուած» կամ «սափրուած»՝ այլ ամբողջովին «մորթազերծ» վիճակով, եթէ օգտագործենք տնտեսական նոր ժամանակներու բառամթերքը:
Անոնք այս երկիրը ժամանեցին անօթի, ծարաւ ու կիսամերկ, առանց օժանդակութեան, առանց նեցուկի, մինակ ու անպաշտպան, սակայն չի վհատեցան: Հայու վճռակամութեամբ ու տոկունութեամբ անոնք թեւերնին սոթտեցին ու գործի լծուեցան: Աշխատեցան, զրկանքներ կրեցին, «քարէն հաց հանեցին», դիմացան ու ապահովեցին իրենց ընտանիքներուն ապրուստը:
Կարեւորը սակայն այն է, թէ հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն, անոնք երբեք չմոռցան դպրոցն ու եկեղեցին, ակումբն ու մշակոյթը: Իրենց չնչին եկամուտէն բաժին հանեցին համայնքային կառոյցներուն, երբ այդ գումարներով անոնք վստահաբար կարեւոր բացեր կրնային գոցել իրենց ընտանեկան պիւտճէին մէջ:
Վերադառնալով հայկական աւանդական խնայասէր ու ժուժկալ ապրելակերպին եւ օրինակ առնելով մեր ծնողներու եւ մեծ հայրերու բարեպաշտ կենցաղէն, մենք ալ մեր կարգին պէտք է հետամուտ ըլլանք, որ մեր գաղութին ստեղծած եւ տարիներու անդուլ աշխատանքով կանգուն պահուած կառոյցները չտկարանան ու չխամրին:
Պետական նպաստներն ու դրամական օժանդակութիւնները վստահաբար պիտի չքանան տեսանելի ապագային մէջ: Ատոր փոխարէն բացը մե՛նք պիտի գոցենք, կրճատելով ծախսերը, առկախելով ոչ-անհրաժեշտ շռայլութիւնները: Եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, թերթ, թատրոն, պարախումբ, բանակում, պէտք է շարունակեն, պիտի՛ շարունակեն իրենց ազգային առաքելութիւնը, խնայողաբար ու արդիւնաւոր կերպով տնտեսելով իրենց նուազող եկամուտները:
Չմոռնանք Աշուղ Ջիւանիի պատգամը, ուղղուած՝ իր սիրելի ու բազմաչարչար հայ ժողովուրդին.
«Ձախորդ օրերը ձմրան նման կուգան ու կÿերթան, վհատելու չէ, վե՛րջ կ'ունենան...»:
ԱՐՁԱԳԱՆԳ - ԿԻՊՐՈՍ
------------------------------------------
ԿԻՊՐՈՍԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անաստասիատիսի ընտրութեան առթիւ առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս շնորհաւորական նամակ յղած էր անոր: Ի պատասխան Վեհափառ հայրապետի գիրին, պրն. Անաստասիատիս հետեւեալ նամակով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Վեհափառ Հայրապետին:
«Թոյլ տուէք ինծի իմ անկեղծագոյն երախտագիտութիւնը արտայայտելու Ձեզի, Կիպրոսի կառավարութեան եւ ժողովուրդին անունով, Ձեր շնորհաւորական նամակին համար, իմ ընտրութեանս առիթով, որպէս նախագահ Կիպրոսի Հանրապետութեան: Ես համոզուած եմ, որ մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնը պիտի շարունակուի եւ աւելի՛ով պիտի ծաւալի ու ծաղկի գալիք տարիներուն, որովհետեւ հայերը յատուկ տեղ ունին կիպրացիներու, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի սիրտին մէջ: Եւ աւելին, կիպրացի հայերը միշտ գործօն եւ անանջատելի մասը եղած են կիպրական ընկերութեան, միաժամանակ հաւատարմօրէն ու ամրօրէն պահպանելով իրենց ինքնութիւնը, հաւատքը եւ աւանդութիւնները. այլ խօսքով՝ երբեք չմոռնալով իրենց արմատները:
Հաճեցէք ընդունիլ Ձերդ Սուրբ Օծութիւն, իմ խոր յարգանքիս հաւաստիքը, այն սպասումով թէ Ձեր հաւատքը ու իմաստութիւնը պիտի առաջնորդեն մեզ բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներուն դիմաց»:
----------------------------------------
ԿԻՊՐՈՍԻ ՓԱՖՈՍ ՔԱՂԱՔԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ 2017Ի ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ
16 Մայիսը պաշտօնական թուական նշանակուած է, երբ Կիպրոսի Փաֆոս քաղաքը Եւրոպայի 2017ի մշակութային մայրաքաղաք պիտի հռչակուի:
Կիպրոսի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար Քիրիաքոս Քենեվեզոս հանդիպում ունենալով Փաֆոսի քաղաքապետ Սավաս Վերղասի հետ, յայտարարեց ուրախառիթ այս թուականի մասին, նշելով թէ պաշտօնական հռչակումը պիտի կատարուի Պրիւքսելի մէջ, Եւրոպական Միութեան երկիրներու մշակոյթի նախարարներու ներկայութեան: