Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ 18-20 ՕԳՈՍՏՈՍ 2011ԻՆ

Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի գործակցութեամբ, Օգոստոս 18էն 20, Պիքֆայայի մէջ գումարուեցաւ Համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարը:

Եռօրեայ աշխատանքներու աւարտին, հիմնուելով 10 նիստերու ընթացքին ներկայացուած 30 զեկոյցներուն, կատարուած քննարկումներուն եւ առաջարկներուն վրայ, պատրաստուեցաւ համապատասխան յայտարարութիւն, որ կը հրատարակենք առանձին:
Յունաստանէն ժողովին ներկայ գտնուեցան մտաւորական երկու անձնաւորութիւններ՝ ընկ. Միհրան Քիւրտօղլեան եւ Նազարէթ Պէրպէրեան:

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ողջոյնի խօսքին՝ արտասանուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարին՝ նուիրուած Արեւմըտահայերէնին:

Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ձեզ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սրբազան յարկէն ներս: Արդարեւ, մեզի համար ու վստահ ենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար սրբազան է այն կառոյցը որ լծուած է հայակերտումի այնքան հրամայական առաքելութեան: Այս հոգեմտաւոր առաքելութիւնն է որ կը կենսա- գործուի Դպրեվանքին մէջ, ուր բանաստեղծին բառերով՝ «կապարն ոսկի եւ նիւթն ոգի դառնան…»:
Դպրեվանքի հայակերտումի առաքելութեան մէջ առանցքային տեղ ու դեր ունի հայ լեզուն:
Արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի է վաղուան հայը կերտել՝ անոր ներարկելով մեր հոգեմտաւոր  արժէքները, ազգային աւանդութիւններն ու ձըգտումները, առանց հայ լեզուին: Ինչպէ՞ս կարելի է հայրենակերտումի ու ազգակերտումի ճամբով մեր ազգին ինքնութիւնը բիւրեղ պահել ազգերու ըն- տանիքէն ներս, առանց հայ լեզուին: Ինչպէ՞ս կարելի է մեր ազգին ապագան առաջնոր- դող ճամբան լուսաւորել, առանց հայ լեզուին:
Ոեւէ ազգի համար իր մայրենի լեզուն ո՛չ միայն կենսական միջոց է հաղորդակցութեան ու հաւաքական յիշողութեան, այլ նաեւ անհրաժեշտ ազդակ՝ ինքնութեան կերտման, ինքնագիտակցութեան խորացման ու ինքնա-արտայայտութեան ձեւաւորման: Իսկ մեր «փոքր ածու»ին համար  այս բոլորէն անդին՝ լեզուն մեր գոյութեան ամէնէն զօրեղ սիւներէն մէկն է, մեր ազգին ամբողջականութեան ու միութեան պահպանման ամէնէն էական միջոցներէն մէկը: Այսպէ՛ս եղած է հայ լեզուն պատմութեան պարտադրած աշխարհաքաղաքական թէ այլ տեսակի բոլոր բաժանումներուն դիմաց:
Ահա թէ ինչու այնքա՜ն խոր ներշնչումով մեր բանաստեղծները գովերգած են հայ լեզուն: Որքա՜ն կարեւորութեամբ մեր մտաւորականները շեշտած են հայ լեզուին կենսական կարեւորութիւնը: Որքա՜ն նուիրու-մով հայ լեզուն դասաւանդած են մեր ուսուցիչները: Մեր ժողովուրդը բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւն ու երկիւղածութիւն ցոյց է տուած իր մայրենի լեզուին նկատմամբ՝ անոր մոռացումը նոյնիսկ դաւաճանութեան համազօր նկատելով:
Այսօր սակայն, տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէ արեւմըտահայերէնը՝ ինքնութիւն ու մշակոյթ, լեզու ու աւանդութիւն գունաթափող ու մաշեցընող սփիւռքի պայմաններուն մէջ: Արդարեւ, երբ 2007 թուականը հռչակեցինք «Հայ Լեզուի Տարի», մեր հայրապետական գիրին մէջ արդէն սփիւռքի մէջ հայ լեզուի նահանջին ահազանգը հնչեցուցինք ըսելով՝ «Հայ լեզուն կը նահանջէ ամէ՛ն տեղ, տարբեր կերպերով ու ամէ՛ն իմաստով… 1600 տարիներու պատմութիւնը իր ամէնէն ահաւոր զէնքերով չկրցաւ սպաննել հայ լեզուն: Այսօր, մենք է որ կը սպաննենք հայ լեզուն՝ երբեմն մեր անտարբերութեամբ, երբեմն մեր տգիտութեամբ, երբեմն մեր անհաւատարմութեամբ, երբեմն մեր օտարամոլութեամբ եւ «մասամբ սոցին…» »:
Եկէք պահ մը շրջագայինք հայ կեանքէն ներս իրապաշտ մօտեցումով ստուգելու արեւմըտահայերէնի պարզած ներկայ վիճակը:
- Հայ լեզուին ամուր բերդը նկատուող հայ դպրոցէն ներս մեր լեզուն սկսած է նահանջել: Փաստօրէն հայ լեզուի ու հայերէնով դասաւանդուող նիւթերու պահերը սկսած են նուազիլ. հայերէն լեզու, գրականութիւն ու պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու թիւը սկսած է պակսիլ. եւ աւելի ահաւորը՝ հայերէն լեզու դասաւանդող ուսուցիչներու հայրերէնի մակարդակը սկսած է  անկում կրել:
- Հայ լեզուի առաջին ու մնայուն դպրոցը նկատուող հայ ընտանիքէն ներս հայ լեզուն  սկսած է աղաւաղուիլ թէ՛ լեզուահիւսական ու քերականական հետզհետէ բազմացող սխալներով, թէ օտար  բառերու ու ոճային դարձուածքներու յաճախակի գործածութեամբ եւ թէ օտարին օտարացնող ներկայութեամբ:
- Հայ լեզուի ուսուցման մէջ կարեւոր դերակատարութեան կոչուած  հայ մամուլը եւս  սկսած է նահանջ արձանագրել՝ մէկ կողմէն տպաքանակի զգալի նուազումին, իսկ միւս կողմէն հայերէն լեզուին տիրապետած խմբագիրներու ու հայ լեզուի նկատմամբ թղթակիցներու ցուցաբերած ընդհանրապէս անփոյթ վերաբերումին հետեւանքով:
- Հայ լեզուի առողջ պահպանման մէջ կարեւոր դեր ունեցող եկեղեցին եւս սկսած է թերանալ իր առաքելութեան մէջ՝ հոգեւորականներու քարոզներու ու իր հրատարակած  պարբերաթերթերու մէջ նշմարուող բազմազան սխալներով:
Շարունակենք մեր շրջագայութիւնը սփիւռքի կեանքէն ներս…:
- Հայ լեզուի պաշտպանութեան սատարելու կոչուած մեր միութիւններէն, կազմակերպութիւններէն ու կառոյցներէն  ներս հայ լեզուն սկսած է տեղի տալ, օտար կայքէջերու լայն օգտագործումին հետեւանքով, ինչպէս նաեւ դասախօսական եւ ընդհանրապէս մշակութային ձեռնարկներու նուազումով:
- Հայ լեզուի տարածման ու բիւրեղ պահպանման առաքեալները ըլլալու կոչուած մեր գրողներուն մօտ եւս նշմարելի է բծախնդրութեան  ու խստապահանջութեան պակաս՝ յատկապէս շարահիւսական, կէտադրական ու քերականական կանոններու նկատմամբ ի- րենց ցուցաբերած երբեմն անտարբեր ու երբեմն քմահաճ մօտեցումներով:
- Այս բոլորին վրայ երբ աւելցնենք հայերէն լեզուի գործածութեան արագասոյր նահանջը արեւմուտքի մէջ հաստատուած մեր գաղութներէն ներս՝ մինչեւ մեր եկեղեցիները ու դպրոցները հասնող… ահա այն ատեն կը համոզուինք որ արեւմտահայերէնը կորստեան ճամբուն վրայ է:
Այո՛, խորապէս մտահոգիչ է ա-րեւմտահայերէնի պարզած ներկայ պատկերը:
Սակայն, մենք հոս չենք հաւաքուած այս տխուր կացութեան ողբը հիւսելու: Որպէս սփիւռքի գաղութներէն ներս հայ լեզուի պահպանութեան, տարածման ու պաշտպանութեան նուիր-ւած Մեսրոպ Մաշտոցի յանձնառու առաքեալները, հաւաքուած ենք միասնաբար որոնելու արեւմտահայերէնը բիւրեղացնելու ու անոր գործածութիւնը տարածելու ազդու միջոցները:
Արդարեւ, թէ՛ հիւանդ է մեր լեզուն եւ թէ հետզհետէ խորացող ու ծաւալող անտարբերութիւն մը կայ անոր նկատմամբ: Ինչո՞ւ…: Նախ հարկ է ախտաճանաչումը կատարել այս կացութեան: Մեր հաւաքական կեանքէն ներս մեր ունեցած տարբեր փորձառութիւններով ու տարբեր մօտեցումներով, սակայն միշտ իրապաշտ ոգիով փորձենք «ինչու» հարցումին պատասխանը  փնտռել: Առողջութեան առաջնորդող ճամբուն առաջին ու վճռական հանգրուանը ճի՛շդ ախտաճանաչումն է:
Արեւմտահայերէնի պարզած ներկայ վիճակը առաջին հերթին հետեւանք է ցեղասպանութեան: Մենք ոչ միայն մէկուկէս միլիոն հայ կորսնցուցինք, նաեւ հող ու մշակոյթ կորսնցուցինք: Սփիւռքի օտարացնող պայմաններուն մէջ ծով զոհողութեամբ շարունակեցինք պահել մեր մշակոյթը ու լեզուն: Չմոռնանք երբեք որ լեզուն կրնայ յաղթահարել ժամանակը, սակայն չի կրնար յաղթահարել հողի, ոգիի ու միջավայրի բացակայութիւնը: Այսօր հայուն հետ սփիւռքացած մեր բարբառները փաստօրէն կորսնցուցած ենք. իսկ արեւմտահայերէնը վտանգուած է:
Կը դիմագրաւենք երկու լուրջ խնդիրներ.- ա) Մեր լեզուն պաշտպանող զէնքերը՝ ընտանիք, դպրոց, կառոյցներ, սկսած են տկարանալ՝ չկարենալով քայլ պահել յարափոփոխ պայմաններուն ու ժամանակներուն հետ: բ) Համաշխարհայնացումի չակերտեալ արժէքները սկսած են կայք հաստատել մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս:
Այս երեւոյթներուն բացասական հետեւանքները մեր լեզուին ակներեւ են: Անոնցմէ յառաջացող հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն մասին պիտի խօսինք  յառաջիկայ օրերու ընթացքին: Անհրաժեշտ է սակայն որ «ինչո՞ւ» հարցադրումին յաջորդէ «ինչպէս»ը. այլ խօսքով, ի՞նչ քայլերու անհրաժեշտ է դիմել փրկելու համար մեր լեզուն, արեւմտահայերէնը: Ա՛յս պէտք է ըլլայ համագումարին դիմաց գտնուող մեծագոյն մարտահրաւէրը, առանցքը մեր քննարկումներուն ու մղիչ ուժը մեր աշխատանքին:
Ծանօթ է ձեզի, թէ 2010ին արեւմտահայերէնը ներառուած է Եունեսքոյի «աշխարհի վտանգուած  լեզուներու. ելեկտրոնային աթլասի» մէջ՝ «հաստատօրէն վտանգուած»ի կարգավիճակով: Ճի՛շդ է, ինչպէս մատնանշեցինք, մեր լեզուն վտանգուած է. ան ենթակայ է կորսուելու վտանգին: Սակայն, մեր  լեզուն Եունեսքոն չէ որ պիտի պաշտպանէ. պաշտպանութեան ստորահաւաքներ կազմակերպելով կամ Եունեսքոյին դիմելով չէ որ պիտի փրկենք մեր լեզուն, ինչպէս վերջերս կ՛իմանանք մեր մամուլի էջերէն: Մեր լեզուն պիտի փրկենք մե՛ր սեփական միջոցներով:
Ինչ կը վերաբերի մեր միջոցներուն, սոսկ դժգոհութիւն արտայայտելով, քննադատական յօդուածներ ստորագրելով, դասախօսութիւններ տալով եւ կամ համագումարներ կազմակերպելով չէ որ  պիտի կարենանք հիմնական  լուծումներ գտնել մեր լեզուի նահանջին: Անկասկած նման քայլեր կարեւոր են սփիւռքը սթափումի մղելու, ահազանգ հնչեցնելու եւ ինքնագիտակցութեան առաջնորդելու համար: Սակայն, յիշեալ միջոցները երբեք բաւարար չեն: Մատը պէտք է վէրքին վրայ դնել՝ ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը: Ձեւէն անդին խորքին, մակերեսէն անդին էութեան, պարագայականէն անդին մնայունին հարկ է կառչիլ: Նման բարդ ու համահայկական խնդիրներ կը կարօտին լուրջ, գիտական ու համապարփակ քննարկումներու ու ուսումնասիրութիւններու եւ երկարաշունչ գործընթացներու:
Արդարեւ, կար ժամանակ երբ պայքարեցանք ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդին մօտ համեցող թրքախօսութեան դէմ ըսելով՝ թրքերէն խօսողին հայերէ՛ն պատասխանէ: Այսօր թրքերէն խօսող գրեթէ չկայ. սակայն անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, փորթուկալերէն, յունարէն, արաբերէն, պարսկերէն, գերմաներէն եւ այլ լեզուներ խօսող, դժբախտաբար միշտ խօսող, մեր ազգի զաւակներու թիւը հետզհետէ կը բազմանայ: Ի՞նչ պիտի ըսենք անոնց ու մանաւանդ ի՞նչ պիտի ընենք՝ դէպի օտար լեզու ընթացող թափը գէթ դանդաղեցնելու համար:
Ամէն բանէ առաջ մարդուժի պատրաստութիւնը կը նկատենք խիստ կենսական: Առաքելութիւն մը գիտակից ու նուիրեալ առաքեալներով կը կատարուի: Առանց մարդուժի մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր տեսակի կարելիութիւնները փաստօրէն կը դառնան անիմաստ: Մարդուժ ըսելով կը հասկնանք ուսուցիչ, հայագէտ, լեզուագէտ:
Արեւմտահայերէնի եւ յարակից հայագիտական նիւթերու դասաւանդումը մեր դպրոցներէն ներս այլեւս դուրս պէտք է գայ ժամանակավրէպ դրութենէն ու պարագայական կարգավիճակէն: Նոր ծրագիրներու, նոր մեթոտներու ու նոր դասագիրքերու մշակումը, բնականաբար միշտ պահելով միջուկը ու ոգին, անյետաձգելի հրամայական մըն է:
Արեւմտահայերէնի քերականական օրէնքներու պարզացումը ու յստակեցումը, օտար բառերու ու ոճերու ստեղծած խառնակ վիճակին մաքրազտումը, ինչպէս նաեւ արեւելահայերէնի պատկանող բառերու ու դարձուածքներու սխալ գործածութեան սրբագրումը կը կարօտին ուսումնասիրութեան ու համապատասխան քայլերու:
Ու տակաւին, արդի արհեստագիտութեան ընծայած լայն կարելիութիւններու ճիշդ օգտագործումը մեր ընտանիքներէն, դպրոցներէն ու կառոյցներէն ներս մեծապէս պիտի նպաստէ մեր լեզուի բիւրեղացման ու նաեւ անոր միշտ ու ճիշդ գործածութեան:
Այս բոլորի աղբիւրը, ենթահողը ու մղիչ ուժը ազգային գիտակցութեան վերազարթօնքն է: Արդարեւ, սփիւռքի մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է գիտակցին թէ՝ հայկական ոգին ու ազգային գիտակցութիւնը անկասկած կենսական են ինքնութեան պահպանման մեր ամէնօրեայ պայքարին մէջ, սակայն բաւարար չեն: Հայերէն լեզուն հայուն արիւնն է. առանց այդ արեան կանոնաւոր շրջագայութեան սփիւռքի հայութեան մարմինը պիտի հիւծի ու անշնչանայ: Հայերէն լեզուն հայ մարդուն ինքնագիտակցութեան կենսատու աղբիւրն է ու ինքնապաշտպանութեան ամուր բերդը:

.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-

Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարի

Յայտարարութիւն

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի գործակցութեամբ գումարուած Համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարը (Պիքֆայա, 18-20 Օգոստոս 2011), իր եռօրեայ աշխատանքներու աւարտին, հիմնուելով 10 նիստերու ընթացքին ներկայացուած 30 զեկոյցներուն, կատարուած քննարկումներուն եւ առաջարկներուն վրայ, յանգեցաւ հետեւեալ եզրակացութեանց.
Հայախօսութեան նահանջին առաջքը առնելու եւ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանումն ու զարգացումը ապահովելու համար՝


Ա. ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ՝

1. Հայերէնի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան խայտաբղէտ պայմանները նկատի առնելով՝ կը շեշտենք ընդհանուր քաղաքականութեան եւ ծրագիրի մը ճշդումի անհրաժեշտութիւնը, ի մտի ունենալով այն իրողութիւնը, որ զուտ կրթական-դպրոցական տագնապ մը ըլլալու կողքին, հարցը նաեւ կ՛ընդգրկէ հանրային դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը:
2. Ուսումնական-կրթական վերոնշեալ համասփիւռքեան ծրագիրը պիտի կազմէ հիմքը՝ հայագաղութներու ուսումնական ծրագիրներու մշակումին:
3. Արդէն օտարացած եւ օտարացման վտանգին ենթակայ նորահաս սերունդներու հայախօսութիւնն ու հայկական ինքնութիւնը մշակելու համար, անհրաժեշտ կը գտնենք պատրաստել գիտակից հայը կերտող հայ լեզուի, հայոց պատմութեան, կրօնքի եւ յարակից նիւթերու տպագիր եւ ելեկտրոնային դասագիրքեր, որոնց չափ կարեւոր են զանոնք դասաւանդող ուսուցիչները:
4. Տարբեր միջավայրերու եւ պայմաններու մէջ գործող հայկական վարժարաններուն տպագիր եւ ելեկտրոնային հայերէն դասագիրքերու պատրաստութիւնը վստահիլ սփիւռքահայ մասնագէտներէ կազմուած խմբագրական կազմերու:
5. Հայեցի ոգի փոխանցելու եւ հայերէնաւանդ նիւթերու ուսուցման ի սպաս, առաւելագոյն չափով անյապաղ օգտագործել արդի արհեստագիտութիւնը՝ համակարգիչ, համացանց, խտասալիկ եւ յարակից բոլոր միջոցները:
6.  Հայ լեզուի եւ հայերէնաւանդ նիւթերու ուսուցիչներուն նկատմամբ ցուցաբերել իր կոչումին եւ առաքելութեան համապատասխան արժեւորում եւ գնահատում, հետամուտ ըլլալով որ ուսուցիչին պատրաստութեան եւ մնայուն վերաորակաւորման տրուին յատուկ կարեւորութիւն:
7. Դասագիրքերուն այլազանութիւնը բարիք դարձնելու համար, անհրաժեշտ պայման է, որ անոնց միջեւ պահպանուի հիմնական ներդաշնակութիւն՝ առաջնորդուելով ուսումնական-կրթական համասփիւռքեան ընդհանուր ծրագիրէն:


Բ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ՝

1. Հայ ընտանիքը բացարձակ արժէք է. թէ՛ մանուկին կազմաւորման  եւ թէ՛ չափահաս կեանքի ընթացքին հայ ընտանիքը հայախօսութեան եւ հայեցիութեան հիմնական առաջին կռուանն է, ինչ որ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման գործին մէջ մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ հայ ծնողներու ուսերուն:
2. Նորահաս սերունդի հոգեմտաւոր զարգացումը արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանութեամբ հունաւորելու գործին մէջ, հայ եկեղեցին ունի յատուկ դերակատարութիւն:
3. Հայախօսութեան եւ հայեցիութեան կեանքի դպրոց հայ մամուլը, արեւմտահայերէնը աղճատումներէ եւ օտարաբանութիւններէ զերծ պահելու պայքարին մէջ, ունի յառաջապահ առաքելութիւն:
4. Արեւմտահայ գրականութեան աւանդներուն վերանորոգումը հիմնական կարեւորութիւն ունի՝ անթերի եւ գեղեցիկ արեւմտահայերէնը մեր ժողովուրդին սիրելի դարձնելու, անոր ինքնարտայայտութեան առօրեայ միջոցի վերածելու եւ զարգացման հունով յառաջ մղելու մէջ:
5. Համագումարի ընթացքին արծարծուած հարցերը, մտահոգութիւնները եւ որոշումները պէտք է տանիլ ժողովուրդին եւ կրթական-մշակութային պատասխանատու մարմիններուն, որպէսզի իրենք նաեւ մասնակից դառնան քննարկումներուն եւ հարցերու լուծման գծով բերեն իրենց գործօն մասնակցութիւնը:
6. Մեկնելով վերոնշեալ կէտերէն, համագումարը որոշեց կոչ ուղղել սփիւռքահայ մամուլի եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն, որպէսզի նահանջ եւ ընկրկում չթոյլատրեն արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման ճակատին վրայ: Նաեւ՝ կոչ ուղղել հայրենի մամուլի եւ զանգուածային լրատուութեան պատասխանատուներուն, յատկապէս հեռատեսիլի կայաններու ղեկավարներուն, որպէսզի դէպի Սփիւռք հեռասփռուող իրենց հաղորդումներուն եւ հրապարակումներուն մէջ, նախանձախնդիր ըլլան հայերէնի անաղարտ պահպանման՝ օտարաբանութեանց եւ աղճատումներուն առաջքը առնելով, հայացման ճիգին հիմնական եւ առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայելով:
Այս բոլոր ուղղութիւններով ծրագրուած գործնական եւ հետեւողական նպատակասլաց աշխատանք տանելու մարտահրաւէրներուն առջեւ կանգնած է Սփիւռքը: Արդէն իսկ կատարուող աշխատանքներուն կամ առկայ կառոյցներուն յաւելեալ աշխուժութիւն տալու հրամայականը շեշտուած է: Նոյնպէս շեշտուած է սուր պահանջը հայերէնագէտ որակաւոր մարդուժի պատրաստութեան եւ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման զէնքերու արդիականացման:  Շեշտուած է մա՛նաւանդ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան պայքարի ամբողջ ճակատը հեղինակաւոր խորհուրդի մը պատասխանատուութեան յանձնելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:

Առ այդ, կ՛առաջարկենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյն գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ իր նախաձեռնութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ, գործակցաբար մեր հաւաքական կեանքը ղեկավարող կրթական եւ մշակութային համասփիւռքեան ուժերուն, կեանքի կոչէ արեւմտահայ հայագէտներէ, վաստակաշատ մանկավարժներէ եւ մտաւորական հեղինակութիւններէ կազմուած մարմին մը՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ: