Մարդոց իրաւունքներու պաշտպան միջազգային կազմակերպութիւնը Սուրիոյ օդային ուժերը դատապարտեց, հիւանդանոցներու, վաճառախանութներու եւ անմեղ քաղաքայիններու դէմ յարձակումներ գործած ըլլալու ամբաստանութեամբ:
Կազմակերպութիւնը մամուլին յանձնած է «Մահը եկաւ երկընքէն» խորագրով իր պատրաստած զեկուցագիրը, ուր տուեալներու հիմամբ կը պնդուի թէ մէկ տարուայ ընթացքին սպաննուած են աւելի քան 4.300 անմեղ քաղաքայիններ:
Սուրիոյ Կառավարութիւնը Հալէպահայերուն
Տարածք Տրամադրած է Յուղարկաւորութիւններու Համար
Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ շրջանի մէջ ծայր առած ընդհարումներու եւ անոնց շարունակութեան պատճառով թաղամասի մէջ գտնուող քրիստոնեաներու գերեզմանները յայտնուած են բախումներու վտանգաւոր շրջանի մէջ: Այս մասին յայտնեց Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան Armenpress-ի հետ զրոյցի ընթացքին։
Ռէյիսեան աւելցուցած է, որ գերեզմաններու շարքին են նաեւ հայկական երեք‘ առաքելական, աւետարանական եւ կաթոլիկ համայնքներու գերեզմանները: Մեկնելով ստեղծուած իրավիճակէն՝ Սուրիոյ կառավարութիւնը անմիջապէս հողատարածք տրամադրած է ծայրամասի մէջ քրիստոնեաներու թաղման արարողութիւնները կատարելու համար:
Ինչ կը վերաբերի Հալէպի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին, Ռէյիսեան տեղեկացուց, որ Շէյխ Մաքսուտ թաղամասի մէջ կը շարունակուին բախումները եւ ռմբակոծութիւնները:
Իսկ հայկական թաղամասերու մէջ թէպէտ բախումներ չկան, սակայն իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած: