Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Յառաջիկայ տարի Քանատայի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ պիտի բացուի մարդու իրաւունքներու թանգարան մը, որ 1915-ի դէպքերը պիտի կոչէ իրենց անունով, որպէս ցեղասպանութիւն։

Ուինիփէկ Ֆրի Փրէս թերթի մէջ հրապարակուած տեղեկատուութեան մը համաձայն, «թանգարանը կը պատրաստուի 1.5 միլիոն մարդոց կոտորածը որակել որպէս ցեղասպանութիւն»։

Օսմանեան թուրքերու կողմէ հայերու կոտորածները «ցեղասպանութիւն» որակելը թերեւս վնաս պիտի պատճառէ Քանատայի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրական շահաւէտ յարաբերութիւններուն, սակայն թանգարանը ցեղասպանութիւնը ի՛ր անունով պիտի կոչէ, կը գրէ թերթը։

«Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ պիտի ներկայացուին ցուցասրահներու մէջ եւ 1915ի դէպքերը պիտի կոչուին իրենց անունով՝ ցեղասպանութիւն», նշեց թանգարանի պատասխանատուներէն Քլինթ Քըրլ։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց փոխադարձելով Քանատայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թիւնչայ Պապալի խօսքերուն։ Պապալ ըսած էր որ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն հայերու կոտորածը ցեղասպանութիւն որակելու որոշումը կրնայ ժխտական անդրադարձ ունենալ թուրք-քանատական առեւտրական յարաբերութիւններու վրայ։ Թուրք դեսպանը նշած էր թէ կը ցանկար Քանատայի կառավարութենէն «ժէսթ» մը ստանալ «այս իրադարձութիւնները անցեալի մէջ ձգելու մասին»։

 

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ապրիլ 9 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէն դատապարտեց Քանատայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թիւնչայ Պապալի այն յայտարարութիւնը, ուր քանատական կառավարութեան հետ առեւտրական համագործակցութեան նախապայման կը դնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատող իր քաղաքականութենէն հրաժարումը:

Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան այս մասին անդրադառնալով նոր հաղորդագրութեան մէջ յայտարարեց, թէ ժամանակն է, որ Թուրքիա հրաժարի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու իր քաղաքականութենէն եւ դադրեցնէ օտար պետութիւններու դէմ առեւտրական սպառնալիքներով հանդէս գալու իր քայլերը:

Տոքթ. Պասմաճեան բարձրօրէն գնահատեց եւ ողջունեց Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի սկզբունքային կեցուածքը՝ թրքական ճնշումներուն չզիջելու եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց թանգարանի հոգաբարձուներու խորհուրդին: 

Նշենք, որ Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բաժանմունքի կառուցման գծով, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով 2012-ին Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնները այցելեցին Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատուներ Անժելա Քասի եւ արխիւներու հետազօտութեանց բաժանմունքի վարիչ տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Պաշտօնական այս հանդիպումներուն նպատակն էր գանատահայութեան համայնքային ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել Մարդկային իրաւանց թանգարանին մասին:

Թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները սկսած են 2007-ին եւ պիտի աւարտին 2014-ին: 2007-ին, վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան: