Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայկական թաղամասերու ապահովութիւնը սուր անկում ապրած է Սուրբ Զատկուան օրերէն ետք: Նախ, սուրիացի ընդդիմադիրներ իրենց տիրապետութիւնը հաստատած են քաղաքի հիւսիս արեւմտեան Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին մէջ, որ կը գտնուի ռազմավարական բարձունքի վրայ եւ

ուր բնակիչներուն մեծամասնութիւնը քիւրտեր եւ այլ շրջաններէ գաղթածներ են: Ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններու, թաղամասի վրայ տիրապետութիւն կարելի եղած է հաստատել քիւրտերու գործակցութեամբ:

Շէյխ Մաքսուտի կից կը գտնուի հայկական գերեզմանատունը, նաեւ հայաշատ՝ Շէյխ Թահա, Վիլլաներ եւ Նոր Գիւղ թաղամասերը, իսկ աւելի հեռուն՝ Սուլէյմանիէ թաղամասը:

Հալէպէն հասած վերջին տեսագրութիւնները կը բացայայտեն զինեալ ծանր բախումներ ռազմական ճակատին վրայ գտնուող Աստուրեան հիւանդանոցին մօտ, ուր կը գտնուի կառավարական բանակի Աուարէտ անցարգելը:

Քաղաքին մէջ կեանքը անդամալուծուած է։ Վերջին հինգ օրերուն բովանդակ Հալէպի մէջ ելեկտրականութիւնը խզուած է եւ քաղաքը թաղուած է մթութեան մէջ։ Այդ պատճառով, անկախ միւս բոլոր զրկանքներէն, սառնարաններուն մէջ պահ դրուած սառեցուած բոլոր պաշարներն ու ձմեռնային պահածոները նեխած են։ Ջուրի յաճախակի ու երկարատեւ ընդհատումներ ալ կþըլլան։ Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին խափանուած են նաեւ հեռաձայնները (պարզ ու առձեռն) եւ համացանցը։

Մէկ շաբաթէ ի վեր քաղաքին վրայ ռմբակոծումները առաւել սաստկացած են։