«Միասնականութիւնը եւ պահանջատիրութիւնը մղիչ ուժ պէտք է դառնան Ցեղասպանութեան 100-ամեակի մեր աշխատանքներուն» ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 8.30-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կազմակերպած միօրեայ խորհրդաժողովին,
որուն կը մասնակցէին Հայաստանի կողքին 8 երկիրներու՝ Իրանի (Թեհրան, Սպահան եւ Թաւրիզ), Իրաքի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քուէյթի, Կիպրոսի եւ Լիբանանի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամներ, հայ ազգային կուսակցութեանց եւ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ:
Վեհափառ հայրապետը բացումը կատարելով այս խորհրդաժողովին՝ իր գնահատանքը յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, իր այս նախաձեռնութեան համար:
Ապա, վեհափառ հայրապետը յիշեցնելէ ետք ներկաներուն, թէ անցեալ տարուան ընթացքին, վեհարանի նոյն այս դահլիճին մէջ միջազգային համագումար մը տեղի ունեցած էր, որուն մասնակցած էին հայ եւ օտար իրաւագէտներ ու փաստաբաններ, շեշտեց, որ «այսօր մենք պէ՛տք ունինք մասնագէտ իրաւագէտներու, որպէսզի միջազգային ատեաններուն դիմաց կարենանք ճիշդ ձեւով մեր Դատը ներկայացնել, պաշտպանել ու հետապնդել»:
Շարունակելով իր խօսքը՝ վեհափառ հայրապետը ներկաներուն յիշեցուց, թէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն հարցը ամբողջ հայութեան հիմնահարցն է: Եւ առ այդ՝ «պէտք է միասնական ճիգով աշխատինք: Կրնայ ըլլալ մօտեցումները, շեշտաւորումները տարբերին իրարմէ. երբեմն պէ՛տք է տարբեր ըլլան: Չմոռնանք, որ Հայաստանը պետութիւն է, իսկ սփիւռքն ալ՝ սփիւռք: Պետութիւնը սփիւռքի եւ սփիւռքը պետութեան լեզուով պիտի չխօսին: Իւրաքանչիւրը իր ըսելիքն ու ընելիքը ունի: Տարբեր մօտեցումներու միջեւ պէտք է ներքին ներդաշնակութիւն ու համադրում ըլլայ, այլ խօսքով պէտք է մի՛ակամ ծրագրենք ու գործենք՝ ամուր կերպով կառչած մնալով պահանջատիրութեան»: Ապա, վեհափառ հայրապետը աւելցուց. «Սպասումս է, որ այս հայեցակէտով ու նպատակասլաց մօտեցումով գործէ 100-ամեակի թէ՛ համազգային եւ թէ բոլոր յանձնախումբերը, այլ խօսքով՝ միասնականութեան եւ պահանջատիրութեան ամրօրէն կառչած մնալով»:
Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, որ Հարաւային Ամերիկան, Ափրիկէն ու Ծայրագոյն Արեւելքը եւս պէտք է Հայ դատի աշխատանքներուն ծիրէն ներս առնուին:
Միջին Արեւելքին անդրադառնալով՝ վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ «Միջին Արեւելքը մեզի համար կարեւոր ենթահող է»:
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման աշխատանքները երեք տարածքներ ունին՝ պատմական, քաղաքական եւ իրաւական: Ժամանակը հասած է, որ առանց անտեսելու առաջին երկուքը, յստա՛կ առաջնահերթութիւն տանք իրաւական երեսին: Այս գծով հսկայ աշխատանք ունինք ունինք կատարելիք»: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս աւելցուց. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պաշտպանը եղած է միշտ Հայ դատին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն: Նոյն ոգիով պիտի շարունակենք զօրավիգ կանգնիլ ի խնդիր հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման բոլոր աշխատանքներուն, որովհետեւ Հայ ժողովուրդին դատը‘ Հայ եկեղեցւոյ դատն է»:
Ապա խօսք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն՝ Հայկ Դեմոյեան, որ նշեց, որ այսօր կ՛արձանագրենք եւս մէկ կարեւոր փուլ ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստութեան մէջ: «Այսօր նոր ձեւաչափ կը ստեղծենք շրջանային մակարդակով հետապնդելու 100-ամեակի վերաբերեալ աշխատանքները», ըսաւ ան: Դեմոյեան յայտնեց, որ «հայկական հատուածական ռազմավարութիւն չի կրնար ըլլալ, մենք տարբեր լեզուներով խօսելու իրաւունք չունինք: Այսօր կ՛օգտագործենք տարբեր եզրեր ու բառեր, սակայն աշխարհի վրայ չկայ հայ մը, որ չգիտնայ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր ընելիքը: Մենք գիտենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան կարգ մը հետեւանքները չենք կրնար վերացնել, ինչպէս՝ զոհեր, քանդուած եկեղեցիներ, սակայն գլխաւոր հետեւանքը հողի կորուստն է, մնացեալը լուսանցքային են»՝ աւելցնելով, որ մեր պայքարը միացեալ աշխատանքի պայքար է:
«Հայ դատը միջազգային ատեան ներկայացնելու միջոցներ, իրաւական թղթածրար, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի կարողականութիւնն եւ գործակցութեան կարելիութիւնները» նիւթին շուրջ զեկուցեցին Հայկ Դեմոյեան եւ 100-ամեակի պետական յանձնաժողովի անդամներ Կիրօ Մանոյեան ու Եղիկ Ճերեճեան: Զեկուցումներուն յաջորդեցին քննարկումներ եւ միտքերու փոխանակում:
Համաժողովի մէկ գլխաւոր հատուածը յատկացուած էր Ցեղասպանութեան իրաւական թղթածրարին, միջազգային օրէնքի հիման վրայ հատուցումներ պահանջելու հրամայականին, սփիւռքի կարողութիւններուն եւ գործակցութեան կարելիութիւններուն: