Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց» (ԱՌԻ) ընկերութեան հրաւէրով՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, 20-24 Մարտ այցելեց Լիբանան,

ուր հիւրը եղաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառին: Ապա 25-29 Մարտ ԱՌԻ-ի տնօրէն խորհուրդի կարգ մը անդամներու ընկերակցութեամբ ան այցելեց Կիպրոս, Զուիցերիա եւ Ֆրանսա:

Շրջագայութեան հիմնական նպատակն էր՝

* Հայ գործարարներուն ծանօթացնել Արցախի մէջ շուրջ երեք տարիէ ի վեր գործող «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց» (ԱՌԻ) ընկերութիւնը,

* Ընկերութեան ներդրումներու շնորհիւ ձեռք բերուած տնտեսական աճը,

* Ներգրաւել նոր բաժնետէրեր ու ներդրումներ:

ԱՌԻ՝ մինչեւ օրս փոքր վարկերու միջոցով 1,9 միլիոն տոլար տրամադրած է գիւղատընտեսութեան զարգացման համար: Ասոր զուգահեռ կը նախատեսուի վարկեր տրամադրել նաեւ ԱՌԻ-ի նոր ծրագիրին՝ բնակարանաշինութեան մարզին, յատկապէս Քաշաթաղի Բերձոր քաղաքի մուտքին 150 բնակարաններէ բաղկացած երեք հանգրուաններով կառուցուելիք գիւղին: Այս ծրագիրը եւս, ինչպէս նախորդը, ամբողջութեամբ կը համակարգուի Արցախի պետութեան հետ ու կը վայելէ անոր երաշխաւորութիւնը:

Յաջող արդիւնքին շնորհիւ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին կը նախաձեռնուի նոր կառուցուելիք գիւղի առաջին հանգրուանը: