Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Վրաստանի հայ համայնք» հասարակական կազմակերպութիւնը դիմում ներկայացուցած է Վրաստանի Հանրային պաշտպանին` Թիֆլիսի թիւ 103 հանրային դպրոցի հայկական բաժնէն ներս ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ:

Վրացի պաշտօնակատարին ներկայացուած են դպրոցին մէջ կազմակերպութեան կողմէ իրականացուած ուսումնասիրութեան բազմաթիւ  փաստերը՝ դպրոցի տնօրէնութեան դրսեւորած խտրականութեան վերաբերեալ: Մասնաւորապէս, ըստ կազմակերպութեան, հայկական բաժնէն ներս դասերու մեծ մասը ռուսերէնով է որ կը կա- տարուի, իսկ պարբերաբար փորձեր կը կատարուին փակելու հայկական բաժինը: Ամէն տարի վարժարանի տնօրէնութիւնը կը փորձէ խոչընդոտել հայկական առաջին դասարանի բացման, սպառնալով տարրական դասարաններուն մէջ միայն հայոց լեզու առարկան կատարել հայերէնով, իսկ մնացեալ դասապահերը՝ ռուսերէնով կամ վրացերէնով: Միշտ ալ ճնշումներ կը գործադրուին հայկական բաժնի ուսուցիչներու նկատմամբ: Խանգարիչ երեւոյթները վերջ չունին:
Դիմում-յայտարարութեան պատճէնը ուղարկուած է երկրի նախա- գահին, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին, կրթութեան  նախարարին, Վրաստանի մօտ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան ներ-կայացուցչութիւններուն մօտ:
Վրաստանի հայկական համայնքի մամլոյ ծառայութենէն կը տեղեկացուի նաեւ, որ անցեալին նոյնպէս իրենք Հանրային պաշտպանի ու Կրթութեան նախարարութեան ուշադրութեան բազմիցս ներկայացուցած են Թիֆլիսի հանրային դպրոցներու հայկական բաժիններուն մէջ տիրող խնդիրները, սակայն որեւէ արձագանգի չեն արժանացած դիմումները: