Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Յորդանանի թագաւոր Ապտուլլահ Երկրորդը եւ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը ստորագրեցին արդէն իսկ «պատմական» բնորոշուած  պայմանագիր մը:

«Երուսաղէմի պաշտպանութեան մասին» կոչուած պայմանագիրը կը նախատեսէ քաղաքի, Ալ-Ասքա մզկիթի եւ այլ սրբավայրերու պաշտպանութեան համար համատեղ գործողութիւններու իրականացում:
Պայմանագրի ստորագրումը նաեւ կ'արտայայտէ Յորդանանի դիրքորոշումը իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան հարցին մէջ, քանի որ Ապտուլլահ Երկրորդը վերահաստատած է, որ Արեւելեան Երուսաղէմը Պաղեստինի բռնագրաւուած տարածք է: