Քոլումպիայի համալսարանի Մարդու իրաւունքներու ամպիոնի դասախօս Տէյւիտ Ֆիլիփս The Huffington Post-ի մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման եւ սահմանի բացման առաւելութիւններուն եւ ընդգծած,
որ Ապրիլ 24-ի յիշատակի օրուան առիթով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ էրտողանը պէտք է ներողութիւն խնդրէ Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն հայերու հետ կատարուածին համար:
“Պատմութիւնը վերաշարադրելու փոխարէն` Էրտողանը կրնայ կերտել զայն` բանալով սահմանը, կարգաւորելով Հայաստանի հետ առեւտրային յարաբերութիւնները եւ հաստատելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Աւելի համարձակ գտնուելով` ան կրնայ հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը բարձրացնելու խորհրդարանին մէջ: Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատումը Թուրքիոյ պիտի օգնէ ամրապնդելու իր դերը տարածաշրջանին մէջ իբրեւ գերտէրութիւն”,- նշուած է յօդուածին մէջ:
Ֆիլիփս նաեւ կ’առաջարկէ Թուրքիոյ վարչապետին՝ յորդորելու խորհրդարանը՝ ուժը կորսնցուցած ճանչնալու քրէական օրէնսգրքի‘ “թրքականութիւնը զրպարտելը” քրէականացնող 301 յօդուածը, որ կը հակասէ խօսքի ազատութեան սկըզբունքներուն: Ան կը նկատէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը, այնուամենայնիւ, չի խանգարեր, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ միջսահմանային առեւտրատնտեսական համագործակցութիւն ձեւաւորուի: “Երկու պետութիւններու միջեւ աւելի բարձր մակարդակի փոխշահաւէտ համագործակցութիւն եւս հնարաւոր է”,- կը նկատէ Ֆիլիփս: