Ֆրանսական AFP լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Փարիզ կը կրկնէ իր փափաքը սերտացնելու՝ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները, որոնք խորապէս վատթարացած էին Նիքոլա Սարքոզիի նախագահութեան օրով:
Բայց կ'ըսուի, թէ Ֆրանսա Թուրքիայէն որոշ քայլեր կ'ակնկալէ՝ Եւրոպայի անդամակցութեան մասին բանակցութիւններու ճամբան վերաբացող իր վէթօն վերցնելու քայլին փոխարէն:
Փարիզ՝ Անգարայի հետ իր կապերը բարելաւելու յոյսերը կապած է վերջերս կայացած Էկէմէն Պաղըշի հանդիպումերուն: Այս առթիւ, Քէ տ'Օրսէի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ'ըսուի, թէ երկկողմ յարաբերութիւնները վերըստին թափ կը ստանան եւ Ֆրանսա կը յուսայ որ անոնք կ'ըլլան համապատասխան՝ երկու երկիրներէն իւրաքանչիւրին՝ միւսին համար ներկայացուցած ռազմավարական կարեւորութեան:
Ըստ դիւանագիտական որոշ աղբիւրներու՝ Պերնար Գազընէօվ, ֆրանսական բարեացակամութեան որպէս փոխադարձ քայլ, Պաղըշէն պահանջած է, որ Անգարա ալ իր կարգին վերցնէ որոշ թղթածրարներու նկատմամբ իր վէթօն: Կ'ընդգծուի, որ Փարիզ Անգարայէն կ'ակնկալէ մանաւանդ ստորագրութիւնը համաձայնութեան մը, որ կը վերաբերի Ֆրանսա ապօրինի գաղթածներուն Թուրքիոյ կողմէ ետ ընդունուելուն: