Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԵՐԵՒԱՆ, «Առաջին Լրատուական».- Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան խօսելով Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացընող նոր օրինագիծի մասին, ըսած է որ

աշխատանք կը տարուի սակայն, առայժմ այդ աշխատանքին մասին մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուիր, որպէսզի կողմերը կարողութիւնն ունենան հանգիստ կերպով աւարտելու գործը:

Փափազեան նաեւ նշած է, որ պատրաստուող օրինագիծը Վալերի Պուայէի օրինագիծը չէ: «Նոյնը կարելի չէ ներկայացնել եւ այդ պատճառով ալ, մենք տարբեր ու շատ լուրջ աշխատանք կը տանինք, իրաւաբաններ եւ այլ մասնագէտներ մեզի համար կ՛աշխատին: Վալերի Պուայէի օրինագիծը մէկ անգամ բեկանուեցաւ, եւ եթէ երկրորդ անգամ ներկայացուի, ապա նորէն պիտի բեկանուի», աւելցուց ան:

Անդրադառնալով համացանցին միջոցաւ ընթացող՝ Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի մը շուրջ հանրաքուէի մը արդիւնքներուն՝ Փափազեան ըսաւ, որ տեղեակ է անկէ, սակայն չի գիտեր, թէ որու նախաձեռնութիւնն է ու ինչ նպատակ կը հետապնդէ: «Թո՛ղ ըլլայ, հարց չէ: Մենք մեր գործը առաջ կը տանինք», ըսաւ ան՝ աւեցնելով, թէ աշխատանք կը տարուի, որ մինչեւ այս տարուան Ապրիլի 24ը օրինագիծը պատրաստ ըլլայ: