Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Դամասկոսէն «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ անցնող օրերուն անվըտանգութեան վերաբերող զարգացումները յատկանշուած էին Ժոպար եւ Քապուն շրջաններուն մէջ շարունակուող մարտերով,

որոնց պատճառով յաճախակիօրէն կը լսուէին թնդանօթներու հարուածներու ձայները:

Անցնող օրերուն մայրաքաղաքի խաղաղ թաղերուն մէջ արձանագրուեցան քանի մը հրասանդի հրթիռներու հարուածներ:

Երէկ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Մազրաա շրջանի մզկիթին մէջ ահաբեկչական պայթումի մը պատճառով զոհուած են յայտնի Շէյխ Մոհամետ Սէյիտ Ռամատան Պութին եւ 14 հաւատացեալներ: