Չորեքշաբթի 20 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 6-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Ղարաբաղի վարչապետ՝ Արա Յարութիւնեանը եւ իր անմիջական գործակիցները:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին, Արցախի վարչապետը լայն կերպով զեկուցեց Ղարաբաղի ձեռք ձգած յաջողութիւններուն եւ տնտեսական մարզին մէջ հետզհետէ արձանագրուող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին իրագործուելիք ծրագիրներու մասին: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց նախագահին, վարչապետին եւ պետական պատասխանատուներուն, Ղարաբաղի հզօրացման ի նպաստ իրենց ունեցած կարեւոր դերակատարութեան համար:
Հանդիպումէն ետք, վեհափառը ի պատիւ վարչապետին պաշտօնական ընդունելութիւն տուաւ Վեհարանի դահլիճէն ներս, ներկայութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ շուրջ երկու հարիւր գործարարներու:
Վեհափառը ներկաներուն առջեւ կարեւորութեամբ շեշտեց՝ Ղարաբաղը հզօր պահելու հրամայականը, շեշտելով, որ «Ղարաբաղի հզօրութիւնը կարելի է ձեռք ձգել, երբ մեր ժողովուրդը կառչած մնայ իր հողին եւ տնտեսական մարզէն ներս յաջողութիւններ արձանագրէ»: Վեհափառը յայտնեց, որ վարչապետը դարձեալ Լիբանան եկած է այդ առաքելութեան համար, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները սատար հանդիսանան Ղարաբաղի հզօրացումի ծրագիրներուն եւ տնտեսական ներդրումներ կատարեն: Ապա խօսք առաւ Պրն. վարչապետը եւ յիշեցուց, թէ Ղարաբաղը զարգացման դրական ընթացքի մէջ է, եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն հետեւելու Վեհափառ հօր հայրական ցուցմունքներուն, իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու Ղարաբաղի տնտեսական աճման ու ամրա- պնդման աշխատանքներուն:
Արա Յարութիւնեան, նշեց, թէ երկու տարի առաջ լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած է հանդիպում մը Քաշաթաղի շրջանի բարեկեցութեան գործի շրջագիծին մէջ, եւ այսօր, երկու տարի ետք աւելի քան 500 ընտանիք կ՛օգտուին «ԱՌԻ» ծրագիրէն: Ան ըսաւ, որ վերաբնակեցուած շրջաններու ընտանիքները ունեցան եկամուտ ապահովելու կարելիութիւններ:
Յարութիւնեան շեշտեց, որ նշեալ ծրագիրի սահմանները պէտք է ընդարձակուին եւ Լիբանանի օրինակը տարածուի այլ երկիրներու մէջ եւս: Ան յայտնեց, որ ազատագրուած տարածքներուն մէջ բնակչութիւնը պահպանելու խնդիրը գոյութիւն ունի, եւ այս գծով լիբանանահայութիւնը ունի իր գործուն մասնակցութիւնը:
Նշենք, թէ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթց»-ի (ԱՌԻ) նոր ծրագիրներ սերտելու նպատակադրումով, Լիբանան ժամանած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան:
Վարչապետը յառաջիկայ օրերուն պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ լիբանանահայ գործարարներու հետ‘ քննութեան առարկայ դարձնելու շարք մը ծրագիրներ, սերտելու լիբանանահայութեան ներդրումի կարելիութիւնները եւ ստեղծելու գործակցութեան նոր հորիզոններ: