Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Այսօր կը վճռորոշուի Կիպրոսի ճակատագիրը՝ գալիք տարիներուն համար:

Կիպրոսի խորհրդարանը իր նիստերէն կարեւորագոյնը կոչուած է գումարելու, ուր պէտք է շտապօրէն վաւերացուին կիպրական դրամատուներու փրկութեան 9 ծրագիրներէն՝ երեքը:

Առաջին նախագիծը կը վերաբերի Ազգային Համերաշխութեան հիմնադրամի մը ստեղծման առաջարկին, երկրորդը՝ դրամատուներու գործարկներու սահմանափակման, եւ երրորդը՝ դրամատնային համակարգի բարեփոխման:

Քաղաքացիներու մեծամասնութեան կարծիքները շփոթ կ'արտայայտեն, սկզբնական վճռակամ կեցուածքէն ետք: Հիասթափութիւն կը տիրէ խորհրդարանէն ներս, թէ դուրս, ուր ժողովուրդը համախմբուած է իր բողոքը արտայայտելու համար:

Երէկ Հինգշաբթի գիշեր հանդիպում մը իրագործուեցաւ Եւրոգօտիի անդամներուն միջեւ, ուր տնտեսութեան նախարարները շեշտեցին, թէ լրիւ կ'երաշխաւորեն դրամատուներու մէջ պահք դրուած 100.000 գումարներու աւանդները: Եւրօգօտիէն կը պնդուի թէ իրենք պատրաստ են Կիպրոսի փրկութեան այլ նախագիծեր եւս քննարկելու:

Յատկանշական իրադարձութիւններ տեղի պիտի ունենան

Այսօր, Կիպրոսի տնտեսութեան կապակցութեամբ յատկանշական իրադարձութիւններ տեղի պիտի ունենան։

Առաւօտեան ժամը 9-ին, Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքական ղեկավարներու հանդիպում, որ նախագահ Անաստասիատիս հրաւիրած էր երէկ, գնահատելու համար տնտեսութեան իրավիճակը։ Անկէ առաջ, նախագահը հանդիպում ունեցաւ Խրիսոստոմոս արքեպիսկոպոսին հետ, որ յայտնեց թէ երկրի փրկութեան համար, ինք պատրաստ է տրամադրելու եկեղեցւոյ բոլոր հարստութիւնը եւ կրկնեց ազգային բաժնետոմսեր հրապարակելու իր առաջարկը։ Անկէ ետք, նախագահ Անաստասիատիս ընդունեց Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչ Փանիքոս Տիմիթրիատիս, որ աւելի ետք՝ դրամատան փոխ-կառավարիչ Սփիրոս Սթաւրինակիսի հետ մասնակցեցաւ նաեւ կուսակցապետերու հանդիպումին։

Տնտեսութեան նախարար Միխալիս Սարրիս, որ այսօր, առաւօտ ժամը 9-ին հանդիպում ունեցաւ իր ռուս գործընկերոջ՝ Անթօն Սիլուանօֆի հետ, յայտնեց թէ կ'ուղղուի դէպի երէկուայ մերժումի որոշումէն ետք ստեղծուած կացութեան տնօրինման նոր ջանքերու գործադրումին։

Մոսկուայէն, Cyprus News Agency-ին կատարած իր ելոյթին մէջ, պրն. Սարրիս յայտնեց թէ Սիլուանօֆին հետ զրուցեց բոլոր միջոցներուն մասին, որոնց հետ Ռուսիա կրնայ օգտակար դառնալ, որպէսզի Կիպրոս դուրս գայ երկիրը խղդող տնտեսական տագնապէն։

Նշենք, որ նախապէս Ռուսաստան յստակացնելով իր դիրքը յայտնած էր թէ որեւէ զրոյցի մէջ պիտի չմտնէ Կիպրոսի հետ, բացի իր տրամադրած նախնական 2.5 միլիառ եւրօ վարկի պայմանաժամի երկարաձգումէն: