Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Եւրօգօտիի տնտեսութեան նախարարները սպասողական վիճակի մէջ են, Կիպրոսի կողմէ առաջարկի մը ակնկալութեան լոյսին տակ:


Կիպրոսի խորհրդարանի կողմէ «տնտեսական փրկարարական ծրագրի» մերժումէն ետք, միջազգային լրատուամիջոցները կը յորդին Կիպրոսի եւ Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարներու միջեւ փոխադարձաբար կատարուող յայտարարութիւններէ: Եւրօգօտիի նախագահ Երուն Նայսէլպլում յայտնեց, թէ իրենք պատրաստ են բարեփոխուած առաջարկ մը ընդունելու, պնդելով սակայն թէ հարկային օրէնքի ենթակայ պէտք են ըլլալ՝ դրամատուներու մէջ պահք դրուած աւելի քան 100.000 գումարի աւանդները:

Նոյն պահուն Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարը դատապարտեց Կիպրոսի «ոչ»ը՝ նախազգուշացնելով «անպատասխանատու որոշումներու վտանգէն», մինչ կիպրական խորհրդարանի նախագահ Եանաքիս Օմիրու դիտել տուաւ թէ «Կիպրոսի որոշումը կը պաշտպանէ Եւրոպական Միութեան բոլոր քաղաքացիներու ապագան»:

Զայրոյթի զգացումները շատ զօրաւոր են կիպրացիներուն մօտ, որոնք բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն: Երէկ Փարիզի կիպրական դեսպանատան առջեւ զօրակցական ցոյց մը տեղի ունեցաւ կիպրացի ուսանողներու նախաձեռնութեամբ:

Անկելա Մերքել. «Կը ցաւի, բայց կը յարգէ»...

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել քննարկելով Կիպրոսի խորհրդարանի մերժումը, յայտնեց թէ կը ցաւի, սակայն կը յարգէ որոշումը, աւելցնելով թէ այլընտրանքային առաջարկներ պէտք է քննարկել: Անկելա Մերքել հաւաստիացուց թէ Գերմանիա կ'ուզէ օգտակար հանդիսանալ Կիպրոսին, այսուհանդերձ հաստատելով թէ կարելի չէ փրկել կիպրական դրամատուներու բնագաւառը: