Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ ամերիկեան Քոնկրէսէն ներս ունեցած իր ելոյթին ընթացքին ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ճոն Սարպանիս խստօրէն դատապարտած է ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի ներում շնորհելու փաստը:

ԱՄՆ Հայ Յատի Յանձնախմբէն կը տեղեկացուի, թէ Սարպանիս կոչ ուղղած է ԱՄՆ կառավարութեան՝ շարունակել իր ներգործութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ:

Ըստ քոնկրէսականի խօսքերուն՝ «Համաձայն եմ Ատրպէյճանին ուղղուած նախագահ Օպամայի վարչակազմի պահանջին` բացատրութիւններ պահանջել Սաֆարովի ներման վերաբերեալ: Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ նախագահի այդ որոշումը ոչ միայն անբարեխղճութիւն է, այլ ուղղակի դէմ է ՆԱԹՕ-ին եւ «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագրին» ըսած է Սարպանիս: