Փեքինի լեզուի եւ մշակոյթի համալսարանէն ներս (BLCU) Չինաստանի մէջ իրագործուող ֆրանկոֆոնիայի շարժապատկերի միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս,
ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ հայ ժամանակակից բեմադրիչներ Արտակ Իգիթեանի եւ Վահան Ստեփանեանի «Վանայ ծովուն արշալոյսը» ֆիլմի ցուցադրումը:
Յունաստանի Պեղոպոնեզի եւ Աթէնքի մէջ վերջերս ցուցադրուած այս ժապաւէնը արժանացաւ չինացի ուսանողներու գնահատանքին: Ներկայ եղան նաեւ Փեքինի մէջ ուսանող հայ երիտասարդներ: