Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Վրաստանի Հայ Համայնք»-ի մամուլի ծառայութենէն կը տեղեկացուի թէ Մարտ 12-ին համայնքի վարչութեան ներկայացուցիչները հանդիպեցան Ռեինտեգրացիայի հարցերով Վրաստանի պետական նախարար պրն. Պաատա Զաքարէիշվիլիին հետ:

Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցան վիրահայութեան յուզող մի շարք հարցեր ու քննարկուեցան բարդութիւններու լուծման հնարաւորութիւններ:

Խնդիրներու շարքին էին՝ ազգությամբ հայ Վրաստանի քաղաքացիներու ներկայացումը տեղական, տարածաշրջանային եւ կեդրոնական կառավարումներու մէջ, տարածաշրջանային, փոքրամասնութիւններու լեզուներու Եւրոպական խարտիայի վաւերացման հնարաւորութիւնները, խնդիրները եւ դժուարութիւնները կրթական համակարգէն ներս (մասնաւորապէս՝ դասագրքերու, ուսուցիչներու պատրաստման եւ վերապատրաստման, 2003-2012 թուականի հայալեզու դպրոցներու գործունէութիւնը, օրէնսդրութեան անճշդութիւններ, եւայլն: «Վրաստանի Հայ Համայնք»-ը ողջունեց Վրաստանի պետական նախարարի մօտեցումները այս հարցերու կապակցութեամբ: