Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մարտ 11ին պաշտօնական այցելութեամբ Շուէտ մեկնած Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը «դիմաւորած են» «Թուրքիա՛, 1915-ի ցեղասպանութիւնը ճանչցի՛ր» գրութեամբ թռչող պաստառներով:

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ իւրօրինակ քայլը կազմակերպած է Շուէտի հայկական ընկերակցութեանց միութիւնը. երբ Շուէտի թագաւորական պալատին մէջ սկսած է Կիւլը դիմաւորելու պաշտօնական արարողութիւնը, մայրաքաղաք Սթոքհոլմի երկինքին վրայ սաւառնած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչով պաստառներ:

Կիւլ եռօրեայ այցելութեամբ Շուէտ կը գտնուի: Ան իրեն հետ տարած է Թուրքիոյ մէջ Ասորի ուղղափառներու առաջնորդը: Նշենք, որ Շուէտի մէջ կը բնակին շուրջ 100 հազար ասորիներ, որոնք Թուրքիայէն եւ Լիբանանէն գաղթած են: