![]()
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի ձեռամբ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան 9րդ տարելիցին առիթով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Քոնկրեսի անդամներուն եւ արտաքին քաղաքականութեան մարզի պաշտօնատարներուն ուղղուած արշաւի մը դիմած է՝ հակադարձելու համար Ատրպէյճանի իշխանութեանց շարունակուող սպառնալիքներուն եւ պատերազմի կոչերուն:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Ուաշինկթըն դատապարտած էր անցեալ տարուան ընթացքին Հունգարիոյ կողմէ Ատրպէյճանին յանձնուած վերոյիշեալ ոճիրը իրագործած Ռամիլ Սաֆարովը ազատ արձակելու եւ զայն հերոսացնելու Պաքուի քայլերը, Ատրպէյճան ցարդ ոչ մէկ քայլ առած է արդարութիւնը վերահաստատելու նպատակով:
«Պաքուի այս քայերը անգամ մը եւս ցոյց կու տան, թէ հայութեան դէմ ատելութեան թունաւոր մթնոլորտը իշխող կը մնայ Ատրպէյճանի մէջ: Այդ ատելութիւնն էր, որ մղիչ ուժը հանդիսացած էր նաեւ Սումկայիթի, Կիրովապատի, Մարաղայի եւ Պաքուի մէջ ատրպէյճանցիներու ձեռամբ իրագործուած հայերու ջարդերուն: Պետական մակարդակով քարոզուող այս ատելութիւնը պատճառ պիտի դառնայ, որ Արցախի հայ բնակչութիւնը բնաջնջուի, եթէ շրջանը անգամ մը եւս իյնայ Ալիեւի իշխանութեան տակ», կը յայտարարէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան:
Անցեալ տարի տեղի ունեցած նամակագրութեան նման արշաւէ մը ետք, աւելի քան երկվեցեակ մը քոնկրեսականներ դատապարտած էին Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը:
1988էն 1990ի միջեւ, Սումկայիթի (Փետրուար 27-29, 1988), Կիրովապատի (Նոյեմբեր 21-27, 1988), Պաքուի (Յունուար 13-19, 1990) եւ Խորհրդային Ատրպէյճանի այլ քաղաքներու մէջ, ատրպէյճանցիներ ջարդեցին իրենց համաքաղաքացի հայերը: Օրին, ամերիկացի քոկրեսականներ դատապարտեցին այդ ոճիրները, որոնք տեղի ունեցան պետութեան հովանիին տակ՝ միաժամանակ պահանջելով ինքնորոշման իրաւունք շնորհել Արցախի ժողովուրդին:
Այս մասին մանրամասն տեղեկութեանց համար, այցելել Հայ Դատի www.anca.org/assets/pdf/misc/sumgait_baku_factsheet.pdf կայքէջը: