Նախապէս դարձեալ անդրադարձած ենք Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանին մէջ Պատմութեան խեղաթիւրումի տարբեր պարագաներու: Կեղծիքի նոր պարագայ մը՝ հայկական պատկանելիութեան առարկաներու գծով:
Վերջերս կազմակերպուած ցուցահանդէսի մը առիթով, պատմական Հայաստանի տարածքէն (բռնագրաւեալ) գտնուած պատմական իրերը ներկայացուած են «Ancient Turkey» անունին տակ, փորձելով այցելուներուն հաւատացնել թէ այդ ցուցանմոյշները թրքական են: Խումբ մը հայեր, խնդրոյ առարկայ նմոյշները ճշգրիտ տեղեկատուութեամբ ներկայացնելու եւ այս անարդարութիւնը սրբագրելու կոչ ուղղած են Բրիտանական թանգարանին: Այս նպատակով ձեռնարկած են ստորագրահաւաքի մը, որուն կարելի է մասնակցիլ հետեւեալ հասցէէն՝
https://www.change.org/en-CA/petitions/the-british-museum-stop-misrepresentation-of-armenian-heritage-as-ancient-turkey