Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ֆրանսական շաբաթաթերթ մը «CHARLES AZNAVOUR, L'INSOUMIS» Փետրուար 28ի թիւին մէջ, վերեւ նշուած խորագրին տակ, հրատարակած է համաշխարհայնօրէն հռչակաւոր երգիչին հետ հարցազրոյց մը,

զոր Քրիսթէլ Գրոնիէ կատարած է անոր Մուրիէսի բնակարանին մէջ (Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգ), հոն ուր Ազնաւուր կը զբաղի ձէթի արտադրութեամբ: Կ'ըսուի, թէ 88 տարեկան ֆրանսական երգի այս հսկան, փոխանակ իր ակնարկը յառելու դէպի փառահեղ իր անցեալը, դեռ անհամար ծրագիրներ կը մշակէ: Պատասխանելով հարցումներու, երգիչը նախ կ'ըսէ, թէ իր երկիրը «ֆրանսերէն լեզուն է», հոգ չէ թէ որոշ անձերու անիմաստ թուի ատիկա: Ապա, ինչ կը վերաբերի ազգային պատկանելիութեան, կը նշէ՝ «Հայ եմ, բայց նուազ՝ քան Ֆրանսացի: Ոչ կը կարդամ, ոչ ալ կը գրեմ հայերէն: Ազգային փառերգն ու աղօթքներն ալ չեմ գիտեր…»:

«Ոսկի սկաւառակ»ները պահպանելու հարցի մասին, կ'ըսէ թէ իրեն համար ատոնք՝ որպէս իրեղէն, այնքան ալ կարեւոր չեն, որքան անոնց՝ իրեն շնորհած բարոյական պատիւը: Կը խօսի դեռ Հայաստանի մէջ հիմնուած «Շառլ Ազնաւուրի Տան», Ֆրանսայի հարաւը՝ ձիթապտուղի մշակումի իր գործունէութեան մասին: «Կ'ըսէիք թէ հոգիով արուեստագէտ էք: Հիմա, հոգիով գիւղացի՞ էք» հարցումին Ազնաւուր կը պատասխանէ. «Միշտ հոգիով եղած եմ գիւղացի: Եօթը հարիւր կեռասենիներ կային այն այգիին մէջ, զորս նուիրած էի ծնողներուս: Բայց հո՛ս (Մուրիէսի մէջ ), վերադարձն է դէպի հող, առանց որ ատիկա իմ ծնած հողն ըլլայ: Սովորաբար, կը վերադառնանք մեր արմատներուն… Ես ինքս ստեղծեցի պապենական հող մը, քանի որ ե՛ս իսկ մեծ հայր եմ: …Այսօր ձէթ, վաղը երաժշտական կատակերգութիւններ… Այո, ատոնց համար ժամադրութիւններ ունիմ Ամերիկացիներու հետ: Կը պատրաստեմ Պրոտուէյի համար երկու ներկայացում, հատ մըն ալ՝ Ֆրանսայի համար…», կ'եզրափակէ ան: