Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՍԱՆԹԱ ՊԱՐՊԱՐԱ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նոր մասնաճիւղ մը գործի լծուած է Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ շրջանի հայութեան թիւը զգալիօրէն աճած է վերջերս:

Իր գեղեցիկ ծովեզերքով ծանօթ ու աշխարհահըռչակ երկու համալսարաններ ունեցող շրջանին մէջ Հայ Դատի նոր գրասենեակը առանցքային նշանակութիւն պիտի ունենայ շրջանին մէջ հայ-ամերիկեան գործակցութիւնը խթանելու եւ ընդարձակելու նպատակով:

Այդ մասնաճիւղին աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ յատկապէս Սանթա Պարպարա, Օքսնարտ, Վենթուրա եւ Սան Լուիս Օպիսպօ քաղաքներուն վրայ:

Նոր գրասենեակին շնորհիւ, տեղւոյն երիտասարդ եւ կենսունակ հայ գաղութը պիտի կարենայ գործօն մասնակցութիւն բերել Միացեալ Նահանգներու հասարակական եւ քաղաքական ընդարձակ ցանցին: Գրասենեակի առաքելութիւնը պիտի ըլլայ համալսարաններու ուսանողները եւ շրջանի բնակիչները ներգրաւել հայութեան հարցերու լուծման ուղղուած գործընթացներուն մէջ՝ մօտէն գործակցելով շըրջանի հայ համայնքին հետ: