Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՋԱԿՑԻ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ մէջ արդէն իսկ քայլերու կը ձեռնարկուին Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած «Ճենեքս» ֆիլմին դէմ, որուն մէջ հաւանաբար դերեր պիտի ստանձնեն շարք մը հանրայայտ դերասաններ, ինչպէս՝ Նաթալի Փորթմըն ու Արմանտ Ասատէ:

Թրքական «Զաման» թերթին համաձայն՝ «Ցեղասպանութեան անհիմն մեղադրանքներուն դէմ պայքարի հիմնադրամը» սկսած է նամակներ ուղարկել հոլիվուտեան աստղերուն՝ կոչ ընելով անոնց հրաժարելու ֆիլմին մէջ դեր ստանձնելու գաղափարէն: «Մենք նաեւ Հոլիվուտ ղրկած ենք կատարուածին վերաբերեալ թրքական կողմի տեսակէտը ներկայացնող DVD-ներ ու փաստեր», ըսած է թրքական կազմակերպութեան նախագահ Սաւաշ Էղիլմեզ:

Հայազգի բեմադրիչ Արտակ-Սեւատա Գրիգորեան կը նախատեսէ այս տարուան Նոյեմբերին սկսիլ «Ճենեքս»ի նկարահանումները՝ յուսալով զայն աւարտել 2014ին, որպէսզի անոր համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը կատարուի 2015ի Ապրիլ 24ին:

«Ֆիլմը հիմնուած է միայն պատմական փաստերու վրայ», Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեան հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է բեմադրիչը:

Թէեւ հեղինակները շատ մանրամասնութիւններ առայժմ չեն բացայայտած, այդուամենայնիւ, ֆիլմի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած նիւթերուն համաձայն՝ անիկա պատմութիւն մըն է երաժշտագէտ Սալիի մասին, որ երկարատեւ պայքարէ ու դժուար խոչընդոտներ յաղթահարելէ ետք միայն կը բացայայտէ հայկական խազերու բանալին՝ միաժամանակ սկսելով դարու ամենամեծ դատին, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

Ֆիլմի հեղինակները կը հաստատեն, որ իրենք եւս սկսած են նամակներ ստանալու թրքական կողմէն, սակայն կը պնդեն, թէ պատրաստ են դիմակայելու բոլոր դժուարութիւններուն:

Յիշեցնենք, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարող թրքական հիմնադրամը նախապէս արշաւ տարած էր նաեւ աշխարհահռչակ Մել Կիպսընի դէմ, երբ տեղեկութիւններ տարածուած էին, թէ ան եւս կը ծրագրէ ֆիլմ մը պատրաստել Ցեղասպանութեան մասին:

«Մենք այժմ կանգնած ենք Թուրքիոյ դէմ զրպարտիչ նոր արշաւի մը առջեւ, որ իր մակարդակով նման է «Միտնայթ Էքսփրէս»ին. մենք պէտք է շատ ուշադիր ըլլանք այս հարցին մէջ», աւելի կանուխ «Զաման»ին ըսած էր Էղիլմեզը:

Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեանը «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ Արտակ Սեւատայի ծրագրի նման այլ ծրագիրներ ալ կան. «Նմանատիպ 18-19 դիմումներ ունինք, որոնք դեռ պէտք է քննարկուին: Սակայն ի տարբերութիւն մնացեալներուն, Սեւատայի դիմումը այնքանով է լիարժէք, որ ֆիլմը ֆինանսաւորում ունի: Պարզապէս բեմադրիչը կը փափաքի որ Հայաստանի մասնակցութիւն ալ ըլլայ ֆիլմի արտադրութեան մէջ» յայտնած է Գէորգեան, աւելցնելով, որ կարելին պիտի ընեն, աջակցելու համար ժապաւէնի նկարահանման աշխատանքներուն:

Facebookի եւ Tweeterի ընկերային ցանցերուն վրայ եւս այս ժապաւէնի մասին զրոյցներ եւ քննարկումներ ծաւալած են:

Հանրային հեռուստաընկերութեան «Առաջին լրատուական» հաղորդման ընթացքին բեմադրիչը նախապէս յայտնած է, որ համաձայնագիրներ կնքուած են արդէն Նաթալի Փորթմընի եւ Արմանտ Ասատէի հետ: