Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«HISTOIRE DU CHRISTIANISME MAGAZINE» ՎԵՐՋԻՆ ԹԻՒԸ
ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՎԵՐԱՊՐԱԾ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՈՐԲԵՐՈՒՆ

Քրիստոնէութեան պատմութեան հանդէսը իր վերջին՝ Մարտ-Ապրիլի թիւը (65) յատկացուցած է Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ կիներուն եւ որբերուն: Մարտ 6էն ի վեր կարելի է զայն   գտնել լրագրավաճառներուն մօտ. գինն է 7,90 եւրօ:

  -------------------------------

Հայաստանի Եւ Արցախի Տաղաւարը՝ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի Ցուցահանդէսի Լաւագոյններէն

Փետրուար 22-24ին, Լոս Անճելըսի մէջ կայացած «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթի տարեկան հեղինակաւոր զբօսաշրջային ցուցահանդէսի «Լաւագոյն նոր տաղաւարը» մրցանակին արժանացած է Հայաստանի եւ Արցախի միասնական տաղաւարը: Մրցանակը յանձնուած է Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամին:

Հիմնադրամի եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան ջանքերով իրականացած հայկական տաղաւարը, ցուցահանդէսին ընթացքին այցելուներու եւ մասնակիցներու կողմէ արժանացած է աննախադէպ հետաքրքրութեան:

Հայաստանի եւ Արցախի գրաւիչ եւ բազմաբնոյթ զբօսաշրջային նկարագիրի ձեւաւորման նպատակով, այցելուներուն տրամադրուած են տեղեկագիրներ, ֆիլմեր, տեսանիւթեր, ինչպէս նաեւ ցուցադրուած են ժողովրդական պարեր ու ազգային ճաշատեսակներ:

Նկատի առնելով հայկական մշակոյթին նկատմամբ աճող հետաքրքրութիւնը՝ Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը կը նախատեսէ այս տարի կազմակերպել ճանաչողական այց մը՝ ամերիկեան առաջատար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, Ամերիկայէն Հայաստան զբօսաշրջութիւնը խթանելու նպատակով:

   -------------------------------

ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏԻ ԱՅՑԸ Ա.Մ.Ն. 

Վերապատուելի համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան տուաւ արտակարգ այցելութիւն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, 4-19 Փետրուար, 2013-ին, ընդառաջելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան կողմէ ուղղուած հրաւէրին: Վերապատուելին մասնակցեցաւ Ա.Մ.Նի նախագահի եւ ծերակուտականներու ներկայացուցիչներու հետ միասին, National Prayer Breakfast-ին, առընթեր, այդ կեդրոնական հանդիսութեան, նաեւ մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքը ընդհանրապէս եւ Սուրիան յատկապէս՝ յուզող ընկերաքաղաքական իրադարձութիւններու քննարկումներու հանդիպումներու: Վեր. Համայնքապետը պաշտօնապէս պահանջեց առաւել զգաստութիւն եւ շրջահայացութիւն, յատկապէս՝ հայ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան նկատմամբ, ուշադիր ըլլալով անոնց օգտաշատ ու կենսունակ ներկայութեան, որը նպաստած է նաեւ Միջին Արեւելեան պատմամշակութային կեանքի հոլովոյթին:

Վերապատուելին այցելութիւն տուաւ Միացեալ Ազգերու գրասենեակներէն՝ Սուրիոյ եւ Հայաստանի դեսպաններուն՝ Դոկտ. Պաշշար Ալ-Ճաաֆարիի եւ Տիար Կարէն Նազարեանի, 13 Փետրուար, 2013-ին, որոնց հետ քննարկեց Սուրիահայ ժողովուրդին տիրութիւն ընելու իրաւունքը, առանձնաշնորհում սեպելով, չխնայել ոչ մէկ ջանք, ներկայացնելով համոզիչ բացատրողականներ եւ մեկնաբանութիւններ, լուսարձակելով հայ քրիստոնեայ ժողովուրդի կողմէ պատմութեան ընթացքին բերուած ու ասկէ անդին բերելիք կրթամշակութային տնտեսական, առեւտրական եւ այլ բնագաւառներու մէջ խիստ օգտաշատ ներդրումը, ի պայծառութիւն միջին Արեւելեան երկիրներու ժողովուրդներուն:

 

  -------------------------------

ՊԱՆԴՈՒԽՏ ԵՐԳԵՐ
ԲԱԳՐԱՏ  ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Արաս հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց Բագրատ Էսդուգեանի հայերէն պատմուածքները, ամփոփելով կոկիկ հատորի մը մէջ: «Պանդուխտ Երգեր» վերնագրով գիրքը կը բովանդակէ 11 պատմուածք, մեծ մասամբ հայ իրականութեան զանազան դրսեւորումներու հետ առընչուած: Էսդուգեանի պատմուածքները շրջապտոյտ մըն է Պոլիսէն դէպի Նիւ Եորք, Երեւան, Մոսկուա, Սպանիա, ուր պարզ ու սահուն ոճով մը ներկայացուած տարբեր ապրումներն ու մարդկային բարդ իրավիճակները կը պարուրեն ընթերցողը, մերթ առաջացնելով յուզումնախառն ցնցումներ:

Արա Կիւլէրի խօսուն մէկ լուսանկարով զարդարուած կողքի պատրաստութիւնը կատարած է արուեստագէտ Արէտ Կըճըր:

Բագրատ Էսդուգեան ծնած է Պոլիս, Ռումէլիհիսար՝ 1953-ին: Մանկութիւնը անցած է Թաքսիմ թաղի Ֆէրիտիյէ փողոցը, որու հայկական դիմագիծը խորապէս ազդած է իր վրայ: Յաճախած է թաղին Էսաեան՝‘ Մխիթարեան ու ապա Կեդրոնական վարժարանները: Հիմնադիրներէն եղած է Պոյաճըգիւղի Սայաթ Նովա դպրաց դաս երգչախումբին: Պատմուածքները լոյս տեսած են «Նոր Սան», «Հօպինա» հանդէսներու, «Մարմարա» եւ «Ակօս» թերթերու մէջ:

Էսդուգեանի նախապէս զանազան թերթերու մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ պատմուածքներէն ընտրանիի մը թրքերէն թարգմանութիւնը «Հայ հիքայէլեր» խորագրով հրատարակուեցաւ Պոլսոյ մէջ 2011-ին:

Էսդուգեան կ'աշխատակցի «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժնին:

 

   -------------------------------

Հայ Եկեղեցւոյ Մասնակցութիւնը Եթովպիոյ Նոր Պատրիարքին Գահակալութեան

Կիրակի, 3 Մարտ 2013-ին, Ատիս Ապապայի Ս. Երրորդութիւն Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Ապունա Մաթիասի գահակալութիւնը:

Հայ եկեղեցին իր երկու հայրապետական Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս արարողութեան: Ս. Էջմիածինի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Աւագ արք. Ասատուրեան (Առաջնորդ Իրաքի հայոց թեմի) եւ Աշոտ եպս. Մնացականեան (Առաջնորդ Եգիպտոսի հայոց թեմի), իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Կորիւն արք. Պապեան (ատենապետ տնօրէն ժողովի) եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու):

Չորս սրբազանները հայ եկեղեցւոյ աղօթքներով եւ «Ուրախ լեր» շարականով մասնակցեցան գահակալութեան արարողութեան: Կորիւն սրբազան կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսի շնորհաւորական գիրը, որուն մէջ վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ կը բերէր հայ եւ Եթովպիոյ քոյր եկեղեցիներուն դարաւոր կապերը եւ մասնաւորաբար կ՛անդրադառնար նախկին հոգելոյս Փաուլոս պատրիարքի օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ մշակուած ջերմ յարաբերութիւններուն ու յոյս կը յայտնէր նոր թափով շարունակելու զանոնք Մաթիաս պատրիարքին օրերուն: Ապա, խօսք առաւ Նարեկ սրբազան եւ յանուն վեհափառ հայրապետին պատրիարքական պանակէ մը նուիրեց Եթովպիոյ եկեղեցւոյ գահակալին:

Երկուշաբթի, 4 մարտին, չորս սրբազանները եւ յոյներու Տիեզերական պատրիարքին ներկայացուցիչը հանդիպեցան Մաթիաս պատրիարքին եւ շնորհաւորեցին զայն:

Եթովպահայ գաղութին համար յիշատակելի օր դարձաւ շաբաթ, 2 Մարտը, երբ չորս սրբազանները հայ հաւատացեալներուն աղօ- թակից եղան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ եւ Աշոտ սրբազան սուրբ պատարագը մատուցեց, իսկ Նարեկ սրբազան քարոզեց: Ապա, ի պատիւ չորս սրբազաններուն, ակումբին մէջ ընթրիք տրուեցաւ:

 

   -------------------------------

 

ՆԻՒ ԵՈՐՔ
ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՆԿԱՐԻՉԻ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ ՆԿԱՐՆԵՐԸ 30 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ Կ'ԱՐԺԷԻՆ

Ամերիկահայ նկարիչ Արթիւր Փինաճեանի տան ձեղնայարկին մէջ 2007ին յայտնաբերուած նկարներուն արժէքը կը գնահատուի 30 միլիոն տոլար:

Փինաճեան համաշխարհային ճանաչում գտած է 2007ին, յետմահու: Այդ տարին, Փելփորթ քաղաքի (ԱՄՆ, Նիւ Եորք) տան գնորդը յայտարարած է, որ ձեղնայարկը եւ կառատան մէջ յայտնաբերած է 3000է ա-ւելի կտաւներ, գծանկարներ, գիրքերու պատկերազարդումներ: Զանոնք յանձնած է արուեստաբաններու գնահատումին, ու այսօր… գիտէ թէ գանձ մըն էր յայտնաբերածը:

Փինաճեան ծնած է 1914ին, Նիւ Եորք: Աւելի ծանօթ էր որպէս ծաղրանկարիչ: Ինք՝ ամուրի, ապրած է իր քրոջ հետ, ան ալ՝ ամուրի: Ինք մահացած է 1999ին: Քրոջը յորդորած է իր մահէն յետոյ նետել իր բոլոր գործերը, որու բարեբախտաբար չէ անսացած քոյրը: Այս վերջնոյն ալ մահէն ետք 2005ին, ընտանիքը տունը վաճառած է անգիտանալով հոն պահուած գանձը: Այդ ձեւով է, որ ստեղծագործական նմոյշները հասած են մինչեւ տան գնորդին ձեռքը:

Փինաճեան ստեղծագործած է վերացական տպաւորապաշտական ոճով: Ամերիկացի ծանօթ արուեստաբան Ուիլիըմ Հոմէր՝ հայ նկարիչին արուեստը համեմատած է Կոկէնի, Սէզանի, Արշիլ Կորքիի նման մեծերու արուեստին հետ: