Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երեքշաբթի, 5 Մարտի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց կարճ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը՝ ընկերակցութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի:

Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու վերջին տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի իրագործումները եւ անոր դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներն ու մտահոգութիւնները:

Լսելէ ետք փոխ վարչապետին զեկուցումը եւ գնահատականը Լեռնային Ղարաբաղի պետութեան աշխատանքներուն ու առաջադրութիւններուն մասին՝ վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ղեկավարութեամբ երկրին մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր հորիզոններու բացուելու պետութեան քաջութիւնը:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հզօրացման ձգտող բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն: Ան նաեւ կոչ ուղղեց սփիւռքահայութեան՝ վերանորոգ թափով եւ զանազան ձեռնարկներու ճամբով մասնակից դառնալ ԼՂՀ զօրացման ու զարգացման: