Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը մասնակցի ՄԱԿ-ի Կիներու Իրավիճակի (CSW) Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք 57-րդ Յանձնաժողովի նիստերուն Մարտ 4-15, 2013ին:

CSW-ն, ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդի (ECOSOC) աշխատանքային յանձնաժողովը, «սեռերու հաւասարութեան եւ կիներու յառաջդիմութեան հարցերու առնչութեամբ համաշխարհային քաղաքականութիւն ճշդող գլխաւոր մասնագիտացած մարմինն է»: Անդամակցող երկիրներ, ընկերային հարցերով զբաղող միութիւններ եւ անհատական ձեռնարկներ, տարին անգամ մը կը հաւաքուին ՄԱԿ-ի մէջ, միասնաբար, համաշխարհային ակնոցով քննարկելու կնոջական յառաջդիմութեան կապակցութեամբ ընթացիկ հարցերն ու մարտահրաւէրները: CSW-ի այս տարուայ հաւաքին թեման է՝ «Վերացում ու խափանում կիներու եւ աղջիկներու դէմ գործադրուող բոլո՛ր տեսակի բռնութիւններու»:

ՀՕՄ-ը կը միանայ CSW57-ի այս հաւաքին՝ աշխարհի բոլո՛ր կիներուն եւ աղջիկներուն ձայնը լսելի դարձնելու համար ընդդէմ իրենց դէմ ի գործ դրուող ամէ՛ն տեսակի անիրաւութիւններու եւ բռնատիրական արարքներու: Յանձնաժողովի առաջին շաբթուայ նիստերուն, ՀՕՄ-ը կ՛ընկերակցի այլազան կազմակերպութիւններու եւ կը մասնակցի զանազան մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող միջոցառումներուն:

Երկուշաբթի, Մարտ 4-ի կէսօրէ ետք ժամը 4ին, ՀՕՄ-ը, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի եւ Էստոնիոյ մնայուն ներկայացուցրութեանց եւ NGO CSW/NY-ի հետ, գործակցութեամբ Global Network of Women Peacebuilders-ի եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, միասնաբար ելոյթ ունեցան “Commemoration of SC Resolution #1325- What Lies Ahead’’ թեմայով: ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւով, առաջին անգամ ըլլալով, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը արտայայտուեցաւ զինեալ բախումներու ազդեցութիւնը կիներու վրայ եւ կիներու հաւասար մասնակցութիւնը խաղաղութեան բանակցութիւններու ու յետ բախումներու վերակառուցման աշխատանքներուն շուրջ: Միջոցառումը տեղի ունեցաւ Dag Hammarskjold գրադարանի լսարանին մէջ: Խօսք առին Էստոնիոյ Արտաքին գործոց նախարար՝ Ումաս Բաէդ, Femmes Africa Solidarite (FAS)-ի հիմնադիր ու նախագահ՝ Բինէտա Դիոպ, International Alliance of Women-ի ՄԱԿ-ի մօտ ներկայացուցիչ եւ NGO CSW/NY-ի ատենապետ՝ Սուն-Եանկ Եուն, Peace and Security, UN Women-ի աւագ խորհրդատու՝ Անն Մարի Գօեց, եւ Global Network of Women Peacebuilders-ի Միջազգային համադրող՝ Մավիգ Կաբրէրա-Բալլէզա: Ներկայացումները պիտի համադրէ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Մնայուն ներկայացոիցիչ եւ CSW-ի նախկին ատենապետ՝ դեսպան Կարէն Նազարեան:

Չորեքշաբթի Մարտ 6-ի յետ միջօրէի 2:30-ին, ՀՕՄ-ը Zonta International-ի հետ միասնաբար, աշխատանիստ մը տեղի պիտի ունենայ «Կիներու եւ աղջիկներու թրաֆիքինկ»ի շուրջ: ՀՕՄ-ի գործակից՝ տիկ. Նորա Արմանի, պիտի խօսի շարժանկարի անդրադարձիչ ազդեցութեան մասին այս համատարած, հիւանդագին երեւոյթին վրայ: Աշխատանիստը, որ տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Church Center-ի մէջ (CCUN, Drew Room, 777 UN Plaza, 44th Street and 1st Avenue) բաց է հանրութեան:

Կիներու իրավիճակի բարելաւման եւ անոնց ու աղջիկներու դէմ եղած բռնութիւններու արգելման համար տարուող աշխատանքներուն սատարելու մտօք, Հինգշաբթի, Մարտ 7-ի կէսօրէ ետք ժամը 2:30-4:00, CCUN-ի 2րդ յարկին վրայ, ՀՕՄ-ը, պիտի ներկայացնէ «Վերջ տալ աղջիկներու դէմ գործադրուող բռնութիւններու ծիրին» նիւթին շուրջ ծրագիր մը Հրեայ Կանանց Համաշխարհային Խորհուրդին հետ միասնաբար: Սինդի Դայըր, Vital Voices-ի Մարդկային իրաւանց փոխ նախագահը, պիտի ունենայ հարցազրոյց մը G!rl Be Heard-ի վարիչ տնօրէն‘ Ճէսիկա Գրիր Մորիսի, World Pulse-ի թղթակից-լրագրող՝ Չի Իվոն Լէյնանի, եւ Sonke Gender Justice Network-ի հիմնադիր վարիչ տնօրէն՝ Դին Պիկոքի հետ:

Նոյնպէս, Հինգշաբթի Մարտ 7-ին, կէսօրէ ետք 4:30-ին, CCUN-ի 10րդ յարկին վրայ, ՀՕՄ-ը զուգահեռ ձեռնարկ մը պիտի ունենայ Virginia Gildersleeve International Fund-ի հետ, «Համաշխարհային մօտեցումներ կիներու դէմ բռնութիւններու նկատմամբ» թեմայով, որ պիտի ջանայ ներկայացնել հիմնական մօտեցումներու գործադրումը՝ ծանօթացնելու համար կիներն ու աղջիկները իրենց մարդկային եւ օրինական իրաւունքներուն՝ յուսալով առաջքը առնել այլազան ձեւի բռնութիւններու:

Ուրբաթ, Մարտ 8-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-6:00, CCUN Մատուռին մէջ ՀՕՄ-ը եւ Ալ Հագիմ Հիմնարկը պիտի ներկայացնեն «Գործադրում հոգեկան ու կրօնական արժէքներու՝ պայքարելու համար կանանց դէմ գործադրուող բռնութիւններուն դէմ»: Պատիւ կը զգանք մասնակցելու այս բացառիկ ձեռնարկին՝ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ արեւելեան թեմի Անուշաւան եպիսկոպոս Դանիէլեանի հովանաւորութեան տակ: Սրբազան հայրը պիտի խօսի կիներու հանդէպ վայրագութիւններու դէմ պայքարին մէջ կրօնքի ու կրօնական կազմակերպութիւններու դերին կարեւորութեան մասին: Զուգահեռ ձեռնարկներուն կողքին, ՀՕՄուհիներ պիտի մասնակցին լիագումար նիստերու եւ կողմնակի ձեռնարկներու: Որպէս համաշխարհային մարդասիրական կազմակերպութիւն, ՀՕՄ-ը մեծապէս կ՛արժեւորէ CSW57-ին իր մասնակցութիւնը, ո՛չ միայն որպէս առիթ սերտօրէն գործակցելու այլ ՈԿԿ-ներու հետ ի խնդիր կիներու իրավիճակի բարելաւման, այլ նաեւ պայքարելու՝ կիներու եւ աղջիկներու դէպ գործադրուող բռնութիւններուն դէմ: