
ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ
Աւստրալիայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ANC Australia) սումկայիթեան ջարդերու 25-րդ տարելիցի կապակցութեամբ քարոզչական արշաւի դիմած է:
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ յանձնախումբը տարածած է հաղորդագրութիւն մը իր արշաւի մասին, որու նպատակն է Աւստրալիայի օրէնսդիր իշխանութիւններուն իրազեկել սումկայիթեան ջարդերու, ԼՂ հիմնախնդրի եւ Ատրպէյճանի վարած ապակողմնորոշող քաղաքականութեան մասին:
Աւստրալիայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեանը նշած է. «Սումկայիթեան ջարդերու 25-րդ տարելիցը եւս մէկ անգամ մեզ կը պարտաւորեցնէ սատար կանգնիլ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, միասին շարունակել պայքարը յանուն անկախութեան: Շատ կարեւոր է լայն հանրութեանը ներկայացնել ԼՂ հայերու վերապրած սարսափները»:
ANC Australia-ի տարիներու ընթացքին գործադրած ջանքերը յաջողութիւն արձանագրած են այն իմաստով, որ շարք մը օրէնսդիրներ միացած են հայերու պայքարին եւ ճիգ գործադրած են ԼՂ խնդիրները բարձրաձայնելու վերաբերեալ: Անցեալ տարի օրէնըսդիր խորհուրդի անդամ Ուոլթ Սեքորդը ճանչցած էր սումկայիթեան ջարդերը, իսկ մէկ այլ անդամ Մարի Ֆիկարրայի Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի խորհրդարանի Վերին պալատին ներկայացուցած ԼՂՀ ճանչցող բանաձեւը անցած էր միաձայնութեամբ:
ՊՐԻՒՔՍԵԼ
Պելճիքայի Հայ դատի Յանձնախումբը ու «Հայասա» հայ ուսանողներու միութիւնը, ի յիշատակ սումկայիթեան ոճրագործութեան զոհերուն, կազմակերպած է բողոքի ցոյց Պելճիքայի Թագաւորութեան մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ:
Հաւաքին յաջորդեց ներկաներու երթը դէպի Պրիւքսելի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացընող խաչքարը: Յուշակոթողի մօտ Պելճիքայի ՀՀ դեսպան Աւէտ Ադոնց եւ ՆԱԹՕ-ի մօտ ՀՀ առաքելութեան ղեկավար Արմէն Եդիգարեանը, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ միասին զետեղեցին ծաղկեպսակներ: Այնուհետեւ մատուցուեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն, որուն յաջորդեց Պելճիքայի մէջ ՀՀ դեսպանի ելոյթը:
Մարտ 3-ին Պրիւքսելի Սուրբ Մարիամ-Մագդաղենացի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ՝ նուիրուած Սումկայիթեան նահատակներու 25-րդ տարելիցին:
ՆԻՒ ԵՈՐՔ
Տարբեր ելոյթներով Նիւ Եորքի մէջ յիշատակը յարգուեցաւ Սումկայիթի հայ զոհերուն:
Փետրուար 24-ին Նիւ Եորքի Ս. Վարդան տաճարէն ներս տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստի արարողութիւն՝ ԱՄՆ Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի նախագահութեամբ եւ ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ մըշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեանի, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչների ու ամերիկահայերու (ներառեալ Ատրպէյճանէն մազապուրծ փախած եւ Ամերիկա բնակութիւն հաստատած մեծ թիւով հայերու) մասնակցութեամբ:
Օրուայ հիմնական բանախօս դեսպան Նազարեանը իր ելոյթին մէջ մասնաւորապէս նշեց, որ անհրաժեշտ է արթուն կեցուածք որդեգրել Ատրպէյճանի կողմէ նոր թափով իրականացուող վտանգաւոր քարոզչութեան դէմ, որն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ներառեալ Ամերիկայի փորձ կը կատարուի նենգափոխել մեր տարածաշրջանէն ներս ապրող ժողովուրդներու պատմութիւնը՝ հանդէս գալով զոհի դերի մէջ եւ ծածկելով իր ցեղասպան քաղաքականութիւնը ընդդէմ հայերու:
ՀՈԼԼԱՆՏԱ
Հոլլանտայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Փետրուար 27-ին տեղի ունեցաւ ցոյց Ատրպէյճանի դեսպանութեան շէնքին դիմաց՝ ընդդէմ ատրպէյճանական ռազմատենչ քաղաքականութեան եւ սումկայիթեան ջարդերու 25-ամեայ տարելիցի կապակցութեամբ:
«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ ցոյցի մասնակիցները իրենց բողոքը արտայայտեցին «Սումկայիթ, Պաքու, Մարաղա, Կիրովապատ, դադրեցուցէ՛ք ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը», «Ինքնորոշում Լեռնային Ղարաբաղին», «Մենք չենք մոռնար Սումկայիթի ջարդերը» կարգախօսներով պաստառներով:
Մէկ օր առաջ, Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպեցան Հոլլանտայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի անդամներուն հետ, փոխանցեցին Հայ Դատի Յանձնախումբի պահանջագիրը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի վերաբերեալ եւ տեղեկութիւն տրամադրեցին սումկայիթեան
ջարդերու եւ Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան մասին:
ՄԻԼԱՆՕ
Միլանոյի մէջ (Իտալիա) աաջին անգամ ըլլալով արտօն-ւած եւ հրաւիրուած է նաեւ Արցախի տաղաւարը՝ մասնակցելու զբօսաշրջային միջազգային ցուցադրութեան, որուն բացումէն քանի մը ժամ ետք, Արցախի տաղաւարին կից գտնուող ատրպէյճանական տաղաւարի պատասխանատուն բողոքած է: Նոյն գիշերը Արցախի տաղաւարէն գողցուած են արժէքաւոր գիրքեր եւ այլ առարկաներ: Իսկ ապահովութեան պատկան պատասխանատուն մերժած է ընդառաջել ատրպէյճանական բողոքին՝ դիտել տալով, որ նման ոչ քաղաքակիրթ ընթացքով Ատրպէյճան կրնայ զրկուիլ յառաջիկային նման ցուցահանդէսի մասնակցելէ:
ՎԻԵՆՆԱ
Կիրակի 24 Փետրուարին, հարիւրաւոր հայեր երթ կազմակերպեցին Վիեննայի կեդրոնական ծառուղիներէն, յիշեցնելով 1988 թուականի Փետրուարին Սումկայիթ քաղաքէն ներս հայերու ջարդերը՝ կազմակերպուած ատրպէյճանցիներուն կողմէ:
Ցուցարարները կը կրէին Հայաստանի, Արցախի դրօշակներ, ինչպէս նաեւ պաստառներ, դատապարտելով Սումկայիթի մէջ 25 տարի առաջ հայ քաղաքացիական անմեղ բնակչութեան դէմ ոճիրները: Անկէ առաջ, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Աւստրիայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան կոչով, հաւաք կազմակերպուեցաւ Ղարաբաղեան շարժման 25-րդ տարեդարձի եւ Սումկայիթի զոհերու տարելիցին առիթով: Առաւօտեան Վիեննայի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ Տիգրան քահանայ Պետրոսեանը հոգեհանգստեան կարգ կատարած էր` Սումկայիթի զոհերու հոգիներուն համար: Ներկայ էին Վիեննայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեանը, հայ պատգամաւորներ Արտաշէս Գեղամեանը, Ստեփան Դեմիրճեանը եւ Խաչիկ Յարութիւնեանը:
ՍԷՈՒԼ
Սէուլի մէջ (Հարաւային Քորէա) հայ ցուցարարներ բողոքած են Սումկայիթի ջարդերուն տարելիցին առիթով:
Մոսկուայի մէջ մերժուած է ընդառաջել Խոջալուի դէպքերուն առիթով ատրպէյճանական հաւաքի մը կազմակերպումի դիմումին:
ՍԱՆ ՓԵԹԵՐԶՊՈՒՐԿ
Սբ. Կատարինէ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս քահանայ Չոփուրեանը հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց: Համայնքի ներկայացուցիչները ծաղիկներ զետեղեցին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ եւ մեծ ու փոքր դուրս եկան Նեւսկի պողոտայ՝ Սումկայիթի ջարդերու մասին տեղեկատուական թերթիկներ բաժնելով:
Անձնական վկայութիւնով հանդէս եկաւ 1988-ի ջարդերու մասին՝ Սումկայիթի մէջ իր մանկութիւնը անցուցած Օլիա Մեղրեանը, որ յիշեց վայրագ ջարդարարներու զոհը դարձած դասընկերներու եւ հարազատներու պարագան:
ՍՈՖԻԱ
Սոֆիայի «Երեւանեան» պուրակէն ներս զետեղուած հայկական խաչքարին մօտ ծաղկեպսակներու արարողութիւն տեղի ունեցաւ:
Ներկայ էր Պուլկարիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Արսէն Սհոյանը: Արարողութենէն յետոյ Սոֆիայի «Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ:
Հոգեհանգստեան արարողութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Փլովտիվի, Վառնայի, Պուրկասի մէջ:
ՊԱԹՈՒՄ
Պաթումի հայերը հաւաքուեցան «Սուրբ Փրկիչ» Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մօտ՝ յարգելու համար սումկայիթեան եղեռնագործութեան զոհերու յիշատակը:
Աճարիայի հայերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Արարատ քհնյ. Գումբալեանը մատուցեց հոգեհանգստեան պատարագ: Նոյն օրը Պաթումի «Բարեկամութեան տան» նիստերու դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ Աճարիայի երիտասարդներու«Սումկայիթեան ջարդերից 25 տարի անց» թեմայով սեմինար:
Բանախօսները վերջաւորութեան պատասխանեցին ներկաներու բազմաբնոյթ հարցումներուն։ Պուլկարացի լրագրող Ցվետանա Փասկալեւայի ֆիլմը ցուցադրուեցաւ: