ՀՀ ՆԱԽԱՐԱՐԸ Ս. ԱՊԻԵՒԻՆ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ՎԵՐՋ ԴՆԵԼՈՒ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
ՆԱԹՕ-ի Պրիւքսէլի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած է Աֆղանստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի ղեկավարած գործողութիւններուն մասնակից երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումը:
Այդ հանդիպումի ծիրէն ներս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան դիմած է ատըրպէյճանցի իր պաշտօնակից Ապիեւին՝ անոր կոչ ընելով վերջ դնելու հրադադարի խախտումներուն, որոնք երկու կողմերէ զոհեր կը խլեն: Ատրպէյճանական մամուլը, ըստ իր սովորութեան, այս լուրին ալ արձագանգած է բոլորովին խեղաթիւրուած ձեւով՝ հաղորդելով, որ հայկական կողմը իրենցմէ «խնդրած է վերջ տալ սահմանային յարձակումներուն, որոնք մեծ թիւով հայ զոհեր կը պատճառեն»...: Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է դէպքերու ներկայացման այս տարբերակը: