Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովը, Փետրուար 26ին, կը քննարկէր Թուրքիոյ հետ 2011 Հոկտեմբեր 7ին ստորագրուած համաձայնագիրի վաւերացման մասին օրինագիծ մը, որ կը վերաբերի ներքին ապահովութեան:

Երկու երկիրներու գործակցութեան ծրագիրը կ’ընդգրկէ, ի շարս այլ միջոցներու, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս, Ֆրանսա բնակող եւ թրքական պետութեան կողմէ ահաբեկիչ նկատուող անձերու յանձնումը Թուրքիոյ:

Այս կէտը, մեծ դժգոհութիւն պատճառած է ոչ միայն քրտական շրջանակներու, այլեւ մարդկային իրաւանց պաշտպան բազմաթիւ կազմակերպութիւններու: Այս կարգադրութեան դէմ բողոքողները կþըսեն, թէ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ կան արդէն աւելի քան 8.000 քաղաքական բանտարկեալներ՝ լրագրողներ, ընտրեալներ, դասատուներ, ուսանողներ, մտաւորականներ, արհմիութենականներ, փաստաբաններ, ընկերային գործիչներ… «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ի կեղծ պատրուակով: