Մշակութային հարցերու Լիոնի թուրքեւիսլամական միութիւնը (Ditib), Տէսինի թրքական ընկերակցութիւնը հասցէ փոխելով՝ կը հաստատուի 2.000 քառ. մեթր մակերեսով նորակառոյց «մշակութային կեդրոն»ի մը մէջ:
Այս վերջինը կը գտնուի ճիշդ ու ճիշդ այն թաղամասին մէջ ուր ի մօտոյ պիտի բացուի … Հայկական Յուշագրութեան Ազգային Կեդրոնը: Այնպէս կը թուի, թէ թուրքերը շատ լաւ յաջողած են լուռ ու մունջ, գրեթէ գաղտագողի կատարել շինարարական աշխատանքները հսկայ շէնքին, որուն պաշտօնական բացումը կը նախատեսուի քանի մը ամիսէն: Համալիրին մէջ տեղ պիտի գտնէ նաեւ 450 քառ. մեթր մակերեսով մզկիթ մը: