Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, արտառոց դէպք մը տեղի ունեցած է Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Սումկայիթի սպանդի 25-ամեակին նուիրուած՝ ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած ձեռնարկին ժամանակ:
Դէպքին առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ ատրպէյճանցի երկու տղաներ եւ աղջիկ մը, որոնք կը բնակին Ֆրանսայի մէջ, ինչ-ինչ ճամբաներով մուտք գործած են այդ սրահը, ուր տեղի կ՛ունենար ձեռնարկը եւ փորձած են սադրել ձեռնարկի մասնակիցներուն:
Մասնաւորաբար՝ երբ ձեռնարկին հաղորդավարուհին ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել Սումկայիթի զոհերուն յիշատակը, ատրպէյճանցիները ոտքի չկանգնեցան եւ յայտարարեցին, որ պիտի յարգեն միայն Խոջալուի զոհերուն յիշատակը: Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Հրաչ Վարժապետեան մօտեցաւ անոնց եւ ըսաւ, որ եթէ պիտի խանգարեն, ապա դուրս թող գան սրահէն, որուն իբրեւ պատասխան ատրպէյճանցի տղան Հրաչ Վարժապետեանին հարուածելու փորձ կատարեց եւ մասնակիցներէն քանի մը հոգի պատասխանեցին անոր: Անկէ ետք ստեղծուած քաշքշուքին միջամտեց ոստիկանութիւնը:
Անկէ 5 վայրկեան ետք Ատրպէյճանի դեսպանը այցելեց Ֆրանսայի խորհրդարան եւ այնտեղ եղած են նաեւ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Կիրօ Մանոյեան տեղեկացուց, որ Փարիզի գրասենեակը դատ բացած է այդ երկու ատրպէյճանցիներուն դէմ, իսկ ատրպէյճանցիներն ալ իրենց կարգին դատ բացած են Հայ դատի յանձնախումբին դէմ: «Եւ որքանով որ տեղեակ եմ՝ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունն ալ դիմած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան, բայց բողոքած է նաեւ ատրպէյճանական դեսպանատունը», տեղեկացուց Կիրօ Մանոյեան:
Ան նաեւ յայտնեց, որ կարծես ոստիկանութիւնը հաստատուած նկատած է այն փաստը, որ այս միջադէպը նախապէս ծրագրուած սադրանք եղած է Ատրպէյճանի դեսպանութեան կողմէ, թէեւ այս պարագային Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունի, եւ ճիշդ անոր համար ալ դատական դիմումը ներկայացուած է խառնակիչ անհատներուն դէմ: