Անոյշ Յովհաննիսեան երկու տարուան պայմանագիր կը ստորագրէ Լոնտոնի արքայական օփերային հետ
Ստորեւ կու տանք Արքայական Օփերայի հրատարակած յայտարարութենէն Անոյշ Յովհաննիսեանին վերաբերող կարգ մը մէջբերումներ։
«Արքայական Օփերան հրճուանքով կը յայտարարէ որ հինգ երգիչներ՝ ընտրուած յիսուն երկիրներու 365 թեկնածուներէն՝ պիտի մասնակցին Ճեթ Փարքըրի անուան Երիտասարդ Արուեստագէտներու Ծրագիրին, Սեպտեմբեր 2013-էն սկսեալ։
Ընտրուած հինգ երգիչներն են, Հայաստանէն՝ սոփրանօ Անոյշ Յովհաննիսեան, Աւստրալիայէն՝ սոփրանօ Քիանտրա Հաուըրթ, Ռուսիայէն՝ մեցոսոփրանօ Նատեժտա Քարիազինա, Իրլանտայէն՝ մեցոսփրանօ Ռեչըլ Քելլի, Փորթուգալէն՝ թենոր Լուիզ Կոմեզ Ճեք Փարքըր
Ծրագիրի նպատակն է զարկ տալ երիտասարդ երգիչներու, խմբավարներու եւ բեմադրիչներու մասնագիտութեան։ Երիտասարդ արուեստագէտները իրենց ասպարէզի սեմին գտնուող միջազգային փրոֆեսիոնալ արուեստագէտներ են, որոնք արդէն հարկ եղած փորձառութիւնը ձեռք ձգած են համապատասխան մասնագէտ ընկերութիւններու հետ աշխատելով։ Անոնք ուսանողներ չեն, այլ Արքայական Օփերային հետ երկու տարուան պայմանագիր ստորագրած՝ ամսականաւոր պաշտօնեաներ ։
Երիտասարդ Արուեստագէտները կը մասնակցին Արքայական Օփերայի բեմադրութիւններուն, երբեմն երգելով երկրորդական մասեր, երբեմն ալ ստանձնելով գլխաւոր դերեր, մասնակցելով երաժշտութեան եւ բեմադրութեան բաժիններու աշխատանքին, մարզուելով օփերային արուեստի հետ առնչութիւն ունեցող բոլոր մասնագիտութիւններուն մէջ ։
Անոնք կ՛աշխատին Արքայական Օփերայի երաժիշտներուն, լեզուի ուսուցիչներուն, այցելու երգիչներուն, բեմադրիչներուն եւ խմբավարներուն հետ։ Ընկերութիւնը ամէն դիւրութիւն կու տայ արուստագէտներուն, որպէսզի ներսուզուելով Արքայական Օփերայի կեանքին մէջ, բեղմնաւորուի իրենց տաղանդը»։
Անոյշ Յովհաննիսեանը իր երաժըշտական ուսման սկսած է վեց տարեկանին, որպէս ջութակի ուսանողուհի, Ալ. Սպետիարեանի անուան դպրոցէն ներս։ Դեռ Երեւանի Պետական Երաժշտանոցի ուսանողուհի՝ Անոյշ յաճախ ելոյթ ունեցած է Երեւան Ստիւտիոյի եւ Հայաստանի Պետական Օփերային Թատրոնին հետ։ Որպէս մենակատար, ան մասնակցած է նաեւ «Տաղարան» անսամպլի, Հայաստանի Ֆիլհարմոնիկ Նուագախումբի եւ Համահայկական Երեխաներու Նուագախումբի համերգներուն։
Աւարտելէ յետոյ Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոցը՝ Անոյշ Յովհաննիսեան ընդունուած է Սկովտիոյ Արքայական Երաժշտանոցի Ալեքսանդր Կիպսընի անուան դպրոցը, դասատու ունենալով Փատրիսիա Հէյը։ Ի դէպ նշելի է, որ Անոյշ բաղդն ու մենաշնորհը ունեցած է աշխատելու նաեւ համաշխարհային համբաւ վայելող այնպիսի արուեստագէտներու հետ, ինչպիսիք են՝ Jane Eaglen, Lisa Milne, Malclm Martineau, Michelle Crider, Donald Runnicles and Montserrat Caballe.
Հրայր Եւ Մակի Սողոմոնեաններ մէկուկէս միլիոն տոլար կը նուիրեն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ ստանձնելով
Պիքֆայայի վանքին մէջ միաբանական նոր շէնքի կառուցման բարերարութիւնը
Արաբական Միացեալ Էմիրութեան ազգային ղեկավար դէմքերէն Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեաններ՝ ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսի փափաքին, սիրայօժար կերպով ստանձնեցին Պիքֆայայի մէջ միաբանական նոր շէնքի կառուցման բարերարութիւնը՝ յատկացնելով մէկուկէս միլիոն ամ. տոլար:
Միաբանական նոր շէնքը պիտի բաղկանայ քառասուն սենեակներէ եւ 550 խորանարդ մեթր ծաւալով ջրամբարէ մը: Շէնքին ճարտարապետն է կաթողիկոսարանի կալուածոց յանձնախումբի անդամներէն Վազգէն Չեքիճեան: Շինարարական աշխատանքներուն մօտէն կը հսկէ կալուածոց յանձնախումբը: Աշխատանքները պիտի ամբողջանան ներկայ տարուան հոկտեմբերին:
Սողոմոնեան ամոլին յղած իր շնորհակալական գիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը իր ջերմ ուրախութիւնն ու բարձր գնահատանքը կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած սիրոյն ու նախանձախնդրութեան համար եւ կ՛աւելցնէ ըսելով. «Մենք ձեզ կը նկատենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւատարիմ բարեկամներէն մէկը եւ ուրախ ենք հաստատելով, որ այդ բարեկամութիւնը տարուէ տարի աւելի կը սերտանայ ու կ՛ամրանայ՝ ի խնդիր մեր Ս. աթոռին համազգային առաքելութեան առաւե՛լ հզօրացման»:
Հրայր Սողոմոնեան կարեւոր մասնակցութիւն բերած է Շարժայի եկեղեցւոյ շինութեան ու ներկայիս ան լծուած է Ապու Տապիի մէջ կառուցուող եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն: Սողոմոնեան նիւթապէս սատարած է ոչ միայն յիշեալ ծրագիրներուն իրագործման, այլ նաեւ շարք մը բարերարութիւններ կատարած է Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ:
Լիբանանահայութիւնը ի՛նք կ՛որոշէ
զինք ներկայացնող երեսփոխանները. Յ. Բագրատունի
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի զօրակցի որեւէ ընտրական օրինագիծի, որ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ իսկական հաւասարութիւն կ՛ապահովէ:
Ան նշեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը օրինակելի չէ՝ աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջադրած ընտրական օրինագիծը շատ աւելի լաւ էր, քան՝ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցածը:
«Պէտք է սակայն լաւ ըմբռնել այն պատճառները, որոնք մղեցին Ուղղափառ հանդիպումին նման օրինագիծ մը մշակելու եւ թէ ինչո՛ւ Մարտ 8ի եւ Մարտ 14ի քաղաքական երկու դաշինքներուն միջեւ մերձեցում կատարուեցաւ: Այսինքն՝ իսկական նուաճումը Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը չէ, այլ՝ քրիստոնեայ հակառակորդ կողմերուն մերձեցումն ու համաձայնութիւնը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ համախոհական ընտրական օրինագիծի մը յանգելու համար լաւ օրինագիծ մըն է նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկածը:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց ճշգրիտ ներկայացուցչութեան եւ իսկական հաւասարութեան կարեւորութիւնը:
Ան ըսաւ, որ խորհրդարանին մէջ կան երեսփոխաններ, որոնք իրենց համայնքներուն իսկական ներկայացուցիչները չեն, որովհետեւ անոնք կը ստանան իրենց համայնքներուն քուէներուն 4 կամ 5 առ հարիւրը, մինչդեռ կ՛ընտրուին այլ համայնքներուն տեղացուցած քուէներուն շնորհիւ: Այս շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ լիբանանահայութիւնը ի՛նք կ՛ընտրէ իր երեսփոխանները, եւ ոչ թէ ուրիշներ կը ճշդեն, թէ ո՛վ պէտք է ներկայացնէ զինք:
Երեսփոխան Բագրատունի բոլոր կողմերէն պահանջեց յարգել Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներուն իւրայատկութիւնը՝ աւելցնելով, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն վաւերացուցած Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը քրիստոնեայ համայնքին կողմէ ըմբոստութիւն կարելի է նկատել:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ կարելի չէ ազգային համերաշխութիւն ապահովելու նպատակով ամբողջ համայնք մը իրաւազրկել: «23 տարիէ ի վեր այդ իրաւազրկումը կը կատարուի քրիստոնեայ համայնքին հաշուոյն եւ ժամանակն է արդէն հաստատելու, որ իւրաքանչիւր համայնք ունի իր իրաւունքները, որոնք հաւասար կերպով բաժնուած են 50 առ հարիւրի համեմատութեամբ, այսինքն՝ ոչ ոք ստիպուած է միւսին իրաւունքներ շնորհելու: Պէտք է մէկը միւսին իրաւունքները յարգէ, որովհետեւ ոչ մէկը մուրացկան է եւ իր իրաւունքները մուրալու տրամադրութեան մէջ», նշեց Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Բագրատունի կարեւոր նկատեց քաղաքական դաշինքները այլ ոչ թէ ժամանակաւոր ընտրական դաշինքները, որոնք պարզապէս կը միտին հասնիլ խորհրդարան: «Նախընտրելի է դառնալ համայնքին իսկական ներկայացուցիչը եւ աշխատիլ ապահովելու համար լիբանանցի ժողովուրդին եւ Լիբանանին շահերը», աւելցուց ան:
Մահ՝ թրքասէր փրոֆ. Ժիլ Վայնշթայնի
Փետր. 5ին, իր մահկանացուն կնքած է Գոլէժ տը Ֆրանսի փրոֆ., ֆրանսացի պատմաբան, թրքագէտ Ժիլ Վայնշթայն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ՝ իր ժխտողական արտայայտութիւններով վէճերու տեղի տուած էր:Ենթական ծանօթ էր որպէս ջերմ թրքասէր, այն աստիճան ջերմ՝ որ անցեալ տարի «TA TURQUIE» թրքական ընկերակցութեան կողմէ մեծարուած էր Թրքասիրութեան մրցանակով...։ 68 տարեկան էր: