Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Դամասկոսի մէջ ռումբ մը ինկած է Բաբ Թումա քրիստոնէական թաղամասի Սանթա Ռիթա եկեղեցւոյ վրայ: Այս մասին կը յայտնէ «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով դամասկոսահայերու վկայութիւնները, որոնք կը հաստատեն թէ պայթիւնէն տուժածներ չկան։

Հալէպի մէջ ցուցատախտակներ՝
դէպի հայկական եւ յունական եկեղեցիներ

Այդ շրջանին մէջ գտնուող հայկական ակումբէն ներս բաւական մեծ թիւով հայեր համախմբուած էին, հոգեճաշի մը համար, բայց որեւէ ձեւով վնասուած չեն։

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ այս օրերուս նոր նախաձեռնութիւն մը կը զարգանայ երկրին մէջ՝ «Սուրիան երկխօսութեան մէջ» վերնագիրի տակ, եւ արդէն սկսած է տարբեր գիծերու վրայ՝ ելեկտրոնային եւ պատկերասփիւռի կայաններու վրայ. անոր կը մասնակցին զանազան խաւերէ քաղաքացիներ՝ փորձելով գտնել առկայ տագնապներուն լուծումները:

Իսկ ապահովական գետնի վրայ, արուարձաններուն մէջ կը շարունակուին զինուորական գործողութիւնները եւ պատերազմական օդանաւերը կը սաւառնին քաղաքին վրայ՝ հարուածելով Ժոպար, Հարասթա եւ արեւելեան Ղութա շրջանները. կը լսուին նաեւ թնդանօթներու հարուածներու ձայները:

Դամասկոսի Քասսա շրջանին մէջ (ուր կան հայ բնակիչներ եւ հայերու պատկանող խանութներ) ինկան չորս հրասանդի հրթիռներ, որոնցմէ երկուքը Ֆրանսական հիւանդանոցին վրայ, իսկ մէկը թաղամասին մէջ գտնուող «Մաունէ» դպրոցին վրայ՝ պատճառելով նիւթական վնասներ շէնքերուն եւ ինքնաշարժներուն: Նոյն շրջանին մօտ Ապպասիին թաղամասին մէջ նոյնպէս հրասանդի հրթիռի պայթումով վնաս կրած էր բնակելի շէնք մը:

Իսկ երէկ երկու հրթիռներ ինկան «Պարամքէ» շրջանի «Թըշրին» մարզական համալիր-դաշտին մէջ. նիւթական վնասին կողքին մարզուելու ժամանակ մարզիկներուն շարքին արձանագրուեցան մէկ զոհ եւ քանի մը վիրաւորներ:

Պատանդ Յակոբ Թուճեան ազատ արձակուած է, այլ հայ մը՝ առեւանգուած

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, թէ համաձայն տեղեկութիւններու, զինեալ ընդդիմադիրներու կողմէ պատանդ բռնուած Յակոբ Թուճեան ազատ արձակուած է:

«Ասոր կողքին սակայն, քիչ առաջ հասած տեղեկութիւններու համաձայն, միջին տարիքէ վեր հայ մը եւս առեւանգուած է ընդդիմադիրներու կողմէ Հալէպի մօտիկ Նաքերին գիւղին մէջ՝ վար իջեցուելով ճամբորդական հանրակառքէ մը», տեղեկացուց Ռէյիսեան:

ՄԱԿ-ի կողմէ հաղորդուած տուեալներու համաձայն՝ Սուրիոյ մէջ արդէն 23 ամիս լրացած է շարունակուող բախումներու սկիզբէն։ Այս վիճակին իբրեւ հետեւանք՝ զոհերու թիւը հասած է շուրջ 70 հազարի։ Զոհուած հայերու թիւը կը գերազանցէ չորս տասնեակը:

«Սուրիոյ բարեկամները» յաւելեալ օգնութիւն պիտի տրամադրեն ընդդիմութեան

Սուրիոյ ժողովուրդին աջակցելու միտուած Հռոմի խորհրդաժողովին մասնակցող 11 երկիրները որոշում կայացուցին բազմապատկել սուրիական ընդդիմութեան տրամադրուող «քաղաքական եւ նիւթական օժանդակութիւնը»։ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց թէ ԱՄՆ 60 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ։