Փետրուար 24-ին Փարիզի հայ առաքելական Սբ.Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Արցախեան շարժման առաջին օրերուն յաջորդած սումկայիթեան ջարդերու զոհերու յիշատակի պատարագ:
Հոգեւոր արարողութեան ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան, ֆրանսայի հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հայ համայնքի բազմաթիւ անդամներ:
Պատարագի աւարտէն ետք Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի, ԼՂ ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանի եւ Մուրատ Փափազեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի երթ դէպի Փարիզի Երեւանեան այգի, ուր Կոմիտասի արձանի դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեպըսակներու զետեղման արարողութիւն՝ ի յիշատակ սումկայիթեան ջարդերու զոհերուն:
Միաժամանակ զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագներ մատուցուեցան Ֆրանսայի մօտ երկու տասնեակ քաղաքներու հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ:
ՄՈՍԿՈՒԱ - Արցախեան Շարժման 25-ամեակի Նշում
Վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը՝ նուիրուած արցախեան շարժման 25-րդ տարեդարձին: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռուս-հայկական համագործակցութեան հիմնարկէն Ռուսիոյ Պետական Տումայի մշակութային յաձնաժողովի փոխ նախա-գահ Ալեքսանտր Պալպերով, Ռուսիոյ Հանրային խորհուրդի անդամ Տենիս Տվորնիկով եւ հասարակական քաղաքական այլ գործիչներ:
Կլոր սեղանին մասնակիցները նկատել տուին, որ Ատըրպէյճանի իշխանութիւնները կը վարեն դաւաճանի քաղաքականութիւն՝ իրենց ժողովուրդին հանդէպ, որովհետեւ անոնք բոլոր հնարաւոր միջոցներով կը փորձեն մարդոց ենթագիտակցութեան մէջ հայու բացասական կերպար ստեղծել:
Կլոր սեղանի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ Քիմ Պաքշիի «Արցախի հոգեւոր գանձերը» գիրքին շնորհահանդէսը:
Ռուս-հայկական համագործակցութեան հիմնադրամի նախագահ Եուրի Նաւոյեան նշեց, որ «Քարէ երազներ» գիրքի ատրպէյճանցի հեղինակ Աքրամ Այլիսլիի դէմ Ատրպէյճանի մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերը կը վկայեն այն մասին, որ հայերու նկատմամբ հիւանդագին վերաբերում ունին իշխանութիւնները:
ԼԱ ՀԷՅ - Արցախեան Շարժման 25-ամեակի Նշում
Փետրուար 24ին Հոլլանտայի «Աբովեան» մշակութային միութենէն ներս միջոցառում տեղի ունեցաւ նուիրուած՝ Արցախեան շարժման 25ամեակին:
Ներկաներուն ողջոյնի խօսքով դիմեց ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեանը, որ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ղարաբաղեան պայքարի 25 տարուայ ձերքբերումներուն եւ շեշտեց հայ ժողովուրդի միասնականութեան կարեւորութիւնը: