Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ, Փետրուար 22-24-ին տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի հեղինակաւոր Զբօսաշրջային ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած պիտի ըլլան Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:
Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի Հանրային կապերու գրասենեակէն, Հայաստանը եւ Արցախը հանդէս պիտի գան միասնական տաղաւարով:
Հայաստանի եւ Արցախի գրաւիչ ու բազմաբնոյթ զբօսաշրջային նկարագրի ձեւաւորման նպատակով այցելուներուն պիտի տրամադրուին տեղեկագրեր, ֆիլմեր, տեսանիւթեր, ինչպէս նաեւ պիտի ցուցադրուին ժողովրդական պարեր, ազգային ճաշատեսակներ: Պիտի ներկայացուի Լոս Անճելըսի քոյր-քաղաք հանդիսացող Երեւանը իր գեղագիտական եւ մշակութային բազմազանութեամբ: Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս Մեթյու Քարանեանը եւ Ռոբերտ Քիւրքճեանը՝ «Քարերու այգի. Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին պատմող ուղեցոյցի» համահեղինակները, պիտի ներկայացնեն իրենց խմբագրած ուղեգրութիւնը։