Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հալէպէն ոչ շատ հեռու՝ Հոմս քաղաքի մօտակայքը գտնուող Քաֆրուն գիւղի ճամբուն վրայ, ահաբեկիչներ առեւանգած են  երկու հոգեւորականներ՝ մէկը հայ:

Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամուլի քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեան: Ան աւելցուցած է, թէ միջադէպը պատահած է Քաֆրուն գիւղի ճամբուն վրայ երբ զինեալները կանգնեցուցած են հանրակառքը եւ առեւանգած 29ամեայ հայ կաթոլիկ հոգեւորական Միքայէլ Քէյյէլին, ինչպէս նաեւ Իսհակ Մահեր Մաթհուտ անունով յոյն ուղղափառ հոգեւորականը: Ահաբեկիչները խնայած են հանրակառքին մէջ գտնուող միւս հայ վարդապետ՝ Սալէզեանին, նկատի ունենալով անոր մեծ տարիքը:Ռէյիսեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ փրկագին պահանջուած է եւ այժմ ջանքեր կը գործադրուին զանոնք փրկելու համար: