Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հալէպի մէջ արձակազէններու վտանգը կը շարունակուի. քաղաքի Ժտէյտէ թաղամասին մէջ արձակազէններու զարկէն ձեռքէն վիրաւորուած է հայ մը, որ հիւանդանոց տեղափոխուած է:

Այս մասին «Եռագոյն» կայքէջին յայտնած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան:

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ անցնող օրերուն մերթ ընդ մերթ տարբեր զէնքերու հրաձգութեան ձայներ կը լսուէին Դամասկոսի կարգ մը թաղամասերէն, մանաւանդ Ժոպարի կողմէն:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակի միաւորներու զինուորական գործողութիւնները կը շարունակուին Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ, ուր Տարէայի եւ Հաժար Ասուատի մէջ քանդուեցան ընդդիմադիր զինեալներու կեդրոններ եւ սպաննուեցան Լիուա իսլամ կոչուած խմբաւորումին ղեկավարները: Սուրիոյ վարչապետարանին մէջ նախարարաց խորհուրդի նիստին քննարկուեցաւ վառելանիւթի եւ կազի շուկային իրավիճակը, ինչպէս նաեւ քարիւղի հաստատութիւնները զինեալներէ պաշտպանելու միջոցները:

Թեքնիք վնասուածքներու պատճառով ելեկտրականութեան հոսանքի անջատում- ները կը շարունակուին:

Միւս կողմէ, մայրաքաղաքի արեւելեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով կը լսուին թնդանօթներու հարուածներու ձայներ. ըստ սուրիական լրատուամիջոցներուն, սուրիական բանակը գետնի վրայ յառաջխաղացում կ՛արձանագրէ:

Հալէպի հայաշատ Սուլէյմանիէ թաղամասի գլխաւոր փողոցին վրայ պատահական փամփուշտէ մը հայ մը եւս զոհուած է Ուրբաթ, Փետրուար 15ին: «Արմէն- փրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ զոհուածը 1970ի ծնունդ, երկու դուստրերու հայր Յարութիւն Քէօշկէրեանն է: Ռէյիսեանի համաձայն՝ Սուլէյմանիէի այդ փողոցը մնայուն կերպով մարդաշատ է եւ այս օրերուն, համեմատաբար, անվտանգ շրջան կը նկատուի, սակայն այդուհանդերձ միշտ կրնան անակնկալներ տեղի ունենալ նոյնիսկ չակնկալուած վայրերու մէջ:

Ռէյիսեան նաեւ յայտնած է, որ Հալէպի ծայրամասերէն մէկուն մէջ իր աշխատավայրէն առեւանգուած է Գէորգ Գարաքուլեանը: Տեղեկութիւններ կան նաեւ այն մասին, որ աշխատավայրին մէջ եղած են նաեւ անոր եղբայրը եւ երկու գործընկերները, որոնք չեն առեւանգուած: Առեւանգողները փրկագին կը պահանջեն։

Հալէպի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին խօսելով՝ Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ Փետրուար 14ի գիշերը ուժգին ռմբակոծումները շարունակուած են մինչեւ առաւօտ, իսկ Փետրուար 15էն ետք կացութիւնը քիչ մը հանդարտած է: Բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ Հալէպի ազգային առաջնորդարանի շէնքին մօտակայքը՝ մօտաւորապէս 100-200 մեթր հեռաւորութեան վրայ: